Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (16 Սեպտեմբեր 2022)

$
0
0

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԻԹԼԻՍԻ ՆԱՀԱՆԳԻ
ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ»

Հեղինակ` ՌՈՊԵՐԹ ԹԱԹՈՅԵԱՆ

Հրատարակութիւն` ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Ապտալեան» մշակութային հիմնադրամի

Տպարան` Chirak Printing and Publishing
Լիբանան, 2022

—————————————

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ ազգագրական երգերու ու երաժշտութեան բանահաւաք եւ երաժշտութեան գիտակ

ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2022-ին, եւ խորազգաց ցաւակցութիւններ կը  յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքին ու հարազատներուն:

—————————————

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 107-ԱՄԵԱԿ ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 83-ԱՄԵԱԿ

  • Հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2022

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ, կազմակերպութեամբ` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:

  • Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022

– ԽԱՉՔԱՐԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ, կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ:

– ՄՏԱՅՂԱՑՔԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏի կենդանի կատարումներ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գիւղի արուեստագէտներուն, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Դալար անկիւն»-ին մէջ:

– ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Մուսա լերան յուշարձան-համալիրի կողքին:

  • Կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 18 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ, ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՇԽՈՒՄ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ` ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ա. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:

ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

—————————————

ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻ,
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 107-ԱՄԵԱԿ ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 83-ԱՄԵԱԿ

Կազմակերպութեամբ`
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

  • ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ տեղի պիտի ունենայ ԽԱՉՔԱՐԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ, ի յիշատակ Այնճարի հիմնադրութեան համար նահատակուած հայորդիներուն:
  • ՇԱԲԱԹ, 17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու զենում, երեկոյեան ժամը 5:30-ին` Խաչվերացի նախատօնակ եւ երեկոյեան ժամերգութիւն:
  • ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ, հոգեհանգստեան արարողութիւն Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:

Պատարագը պիտի մատուցէ յաւուր պատշաճի քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

մասնակցութեամբ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» երգչախումբին:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հոգեսուրճ` Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

ԳԷՈՐԳ ՊԱԼԳԷՈՐԳԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՍԱՐՀԱՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

—————————————

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 102-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին:

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները յանձնեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն եւ կամ շրջող հանգանակիչներուն:

ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հայկական հաստատութիւն մը կարիքը ունի կիսաժամ կամ լիաժամ GRAPHIC DESIGNER պաշտօնեայի մը` քարոզչական աշխատանքներու համար:

Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-602342 թիւին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>