Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ (11 Հոկտեմբեր 2022)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թալին Գամագեան եւ զաւակը` Արէն
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Սեդա Գամագեան եւ զաւակները` Ճոնի եւ Փաթիլ
Ալին եւ Պարպարա Գամագեան
Տէր եւ տիկին Աւագ եւ Մարիա Գամագեան
Տէր եւ տիկին Արա եւ Պարպարա Գամագեան
Գամագեան եւ Մարտիրեան ընտանիքներ
Համալեան եւ Մաքարոն ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Քիրէճեան ընտանիքներ
Գասապեան եւ Տրիսքընզ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԳԱՄԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՐՏԻՐԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2022-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի 11 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Տըպպայէ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1957-ի շրջանաւարտներէն

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 8  հոկտեմբեր 2022-ին, Քանատա:

—————————————

ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ

Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սինթիա Պասմաճեան բախտաւորուած են առջինեկ աղջիկ զաւակով մը`

ՌԻԹԱ

Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2022
Պէյրութ

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՄԵՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ

Վերամուտի սեմին, մեր ազնիւ ծնողներէն ոմանք` գիտակցելով ազգային դպրոցի կարեւորութեան, ո՛չ միայն իրենց զաւակներուն համար, այլ նաեւ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն` մանաւանդ անոնց համար, որոնք Լիբանանի տնտեսական տագնապէն վնասուած են, սիրայօժար կերպով  կատարեցին հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

1.- Ծնողք մը` 50.000.000 լ. ոսկի
2.- Ծնողք մը` երկրորդական բաժինէն երկու աշակերտի ամբողջական կրթաթոշակ` 21.700.000 լ. ոսկի եւ 500 տոլար
3.- Ծնողք մը` 760 տոլար
4.- Ծնողք մը` նախակրթարանի բաժինէն երկու աշակերտի ամբողջական կրթաթոշակ` 17.200.000 լ. ոսկի եւ 300 տոլար
5.- Ծնողք մը` 10.000.000 լ. ոսկի
6.- Ծնողք մը` 200 տոլար
7.- Շրջանաւարտ մը` 100 տոլար
8.- Ծնողք մը` 300 տոլար

Շնորհակալութի՛ւն բոլոր նուիրատուներուն:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022

Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք, որ Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար, կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային քուէարկութիւն:

Քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ, առանց սեռի խտրութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք ամբողջացուցած են 18 տարիքը, վճարած են իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն:

Ազգային երեսփոխան կրնան ընտրուիլ, առանց սեռի խտրութեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք բոլորած են 30 տարիքը, վճարած իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն:

Երեսփոխաններու թեկնածութեան դիմումնագիրները կ՛ընդունուին առաջնորդարանի դիւանատան մէջ, երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2022, ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00:

Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որ միահամուռ մասնակցութեամբ լաւագոյնս  կատարեն իրենց պարտականութիւնը:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հաճեցէք դիմել Ազգային առաջնորդարանի դիւանատուն, հեռաձայնի 01-258300 թիւով:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————

Կազմակերպութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան
Առողջապահական յանձնախումբին
եւ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ՆԻՒԹ`
«ԿՈՒՐԾՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂ»

Կը ներկայացնէ ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Դասախօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>