ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022
Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք, որ Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար, կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային քուէարկութիւն:
Քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ, առանց սեռի խտրութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք ամբողջացուցած են 18 տարիքը, վճարած են իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն:
Ազգային երեսփոխան կրնան ընտրուիլ, առանց սեռի խտրութեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք բոլորած են 30 տարիքը, վճարած իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն:
Երեսփոխաններու թեկնածութեան դիմումնագիրները կ՛ընդունուին առաջնորդարանի դիւանատան մէջ, երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2022, ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00:
Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որ միահամուռ մասնակցութեամբ լաւագոյնս կատարեն իրենց պարտականութիւնը:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հաճեցէք դիմել Ազգային առաջնորդարանի դիւանատուն, հեռաձայնի 01-258300 թիւով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Էլիսարի կամ Քըրնեթ Շեհուանի շրջաններէն, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ եւ յարակից մասերով, հանդարտ միջավայր, նախընտրելի` Ա. յարկի վրայ:
Կապ հաստատել հեռաձայնելով 04-295314 թիւին: