ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի` 30 հոկտեմբեր 2022-ին, Գիւտ խաչի յաջորդող կիրակին, մեծ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սուրբ պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
Մատաղօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան սուրբ խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՇԱԲԱԹ, 12 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Էլիսարի կամ Քըրնեթ Շեհուանի շրջաններէն, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ եւ յարակից մասերով, հանդարտ միջավայր, նախընտրելի` Ա. յարկի վրայ:
Կապ հաստատել հեռաձայնելով 04-295314 թիւին: