Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ (27 Հոկտեմբեր 2022)

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ՍԱՐԳԻՍ ԹՕՓԱԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը կը գուժէ սկաուտական նուագախումբի նախկին նուագողին եւ ուսուցիչին

ՍԱՐԳԻՍ ԹՕՓԱԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սօսի Դանիէլեան-Թօփալեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սեդա Ճանպազեան եւ զաւակունք
Սիրան Թօփալեան
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Թալին Մարտիրոսեան եւ զաւակը
Թօփալեան եւ Դանիէլեան ընտանիքներ
Ճանպազեան եւ Մարտիրոսեան ընտանիքներ
Ալեքսանեան եւ Պոյրազեան ընտանիքներ
Պոյմուշաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`

ՍԱՐԳԻՍ ՅԱԿՈԲ ԹՕՓԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1942-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2022-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, հանգուցեալին բնակարանին մէջ:

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

ԱՏԱՄՆԱԲՈՒԺԻ ՕԳՆԱԿԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանը պիտի ձեռնարկէ ատամնաբուժի օգնականներ պատրաստելու մասնաւոր ծրագիրի մը, որուն կրնան մասնակցիլ ատակ հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ:

Ծրագիրը ամբողջացնողները պիտի կարենան ատամնաբուժական հաստատութեան մը մէջ դիւրութեամբ ստանձնել գրասենեկային աշխատանքներ եւ իրենց ունեցած գիտութեան ու փորձառական ծանօթութեան շնորհիւ, նաեւ արդիւնաւոր կերպով օժանդակել թէ՛ ատամնաբուժին եւ թէ՛ խնամքի ենթակայ պարագաներուն:

Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ դասընթացք եւ աշխատանքային մարզի մէջ անհրաժեշտ փորձարկումներ, որոնք պիտի իրականանան Սեն Ժոզեֆ համալսարանի` Campus des Sciences Médicales-ին մէջ:

Դասընթացքները պիտի կատարուին արաբերէնով, եւ թեկնածուները պէտք է ունենան Լիբանանեան պաքալորիայի համապատասխան վկայական / վկայագիր:

Ծրագիրի աւարտին, մասնակցողները պիտի ստանան Սեն Ժոզեֆ համալսարանին կողմէ համապատասխան վկայական-հաստատագիր եւ ծրագիրը իրականացնող կողմերուն օժանդակութեամբ նաեւ պիտի յաջողին շատ արագ ապահովել աշխատանք:

Ամբողջական տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար հաճեցէ՛ք դիմել հետեւեալ ե-նամակի հասցէներուն. դոկտ. Հիլտա Պայրամեան` hildamkt@yahoo.com եւ fund@armprelacylb.org, իսկ յաւելեալ ցուցմունքներու համար կարելի է կապ հաստատել Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք (նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շէնքի 3-րդ յարկ), ժամը 10:00-12:00:

Ծանօթ.- Մասնակիցներուն երթեւեկը ապահովուած է:

—————————————

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

—————————————

ՍՏԱՑԱՆՔ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ԶԷՐՕ
(2016-2021)

ՄԵՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՆՐԱՊԱՏԿԵՐԸ ԳԾՈՂ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հեղինակ` ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Հրատարակութիւն` «Լուսակն» հրատարակչութեան, Երեւան
2022

***

Image may be NSFW.
Clik here to view.
MARO

Author` MARY NAJARIAN

Printed by: Yerevan printing
Los Angeles, 2020

—————————————


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>