ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ նախկին վարչական ընկերուհիին`
ՇԱՄԻՐԱՄ ԳԱՍՈՅԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Յակոբ Գասոյեան եւ դուստրը` Ճուլի
Տիար Հրաչ Գասոյեան
Տէր եւ տիկին Արծիւ եւ Թինա Աւագեան եւ զաւակները` Պետրոս եւ Քրիս
Տիար Վագօ Գասոյեան
Տէր եւ տիկին Էլի եւ Լուչիա Պաաքլինի եւ զաւակները` Ֆիլիփ, Ալեքս եւ Թոմի
Տէր եւ տիկին Աւագ եւ Աննա Աւագեան եւ զաւակը` Արծիւ
Գասոյեան եւ Թաթարեան ընտանիքներ
Աւագեան եւ Պաաքլինի ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`
ՇԱՄԻՐԱՄ ԳԱՍՈՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԹԱԹԱՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 1 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 2 նոյեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ: