Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ ( 29 Նոյեմբեր 2022)

$
0
0

«ԿԱՄԱՐ»
ԳՐԱԿԱՆ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ (ԼԻԲԱՆԱՆ)

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

«Կամար» գրականութեան ու գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթին խմբագրակազմը խոր կսկիծով կը գուժէ իր վաստակաշատ ու բազմաբեղուն պատասխանատու խմբագիր

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ

շիջումը, որ պատահեցաւ 22 նոյեմբեր 2022-ին, Պոսթընի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):

«Կամար»-ի խմբագրակազմը եւ ընդհանրապէս անոր շուրջ գտնուող մտաւորականները մեծապէս կը ցաւակցին այս ծանր կորուստին համար, աստուածային մխիթարութիւն յայտնելով տիկնոջ, աղջիկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, ազգականաց, ինչպէս նաեւ իր մտաւորական գործընկերներուն ու բարեկամ շրջանակներուն:

«ԿԱՄԱՐ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ, ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հետեւեալ գործաւորներուն

  • Բեռնակառքի (Van) վարորդներու,
  • Գործարանի մէջ աշխատող գործաւորներու,
  • Ինքնաշարժներու մեքանիք եւ ելեկտրականութիւն նորոգող գործաւորներու,
  • Էլեքթրօ-մեքանիք կազմածներ նորոգողներու:

Լաւ վարձատրութիւն` ըստ աշխատանքի:

Դիմել` հեռ. 03-244967:

—————————————

Կ՛­ՈՒ­ԶՈՒ­Ի

Վար­պետ ոս­կե­րիչ (սե­տե­քեր) մը:
Դի­մել` հեռ. 01-266514, 03-207772:

—————————————

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններ իրենց ծնողներուն` Ալպեր եւ Անահիտ Պաղճեաններու յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 200 ամ. տոլարով:

29 նոյեմբեր 2022


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>