Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ԷՇՐԵՖԻԷ)
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Մեր` տարիներու եկեղեցական աւանդութեանց համաձայն, այս տարի եւս Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի անուանակոչութիւնը եւ եկեղեցւոյս անուան տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2022-ին:
Այս առիթով, հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապալի վիճակին եւ տնտեսական դժուարութեանց, մենք պիտի ջանանք կատարել կրօնական սրբազան արարողութիւնները եւ նաեւ պատրաստել մեր աւանդական հերիսան:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրեցեալ հայորդիներուն, որ եթէ կը փափաքին ուխտի կամ իրենց ննջեցեալներու յիշատակին համար մատաղցու ոչխար ընծայաբերել, թող բարեհաճին կապ պահել եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդի եւ եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբի անդամ-անդամուհիներուն հետ կամ հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն. 01-266414, 03-891434, 70-058728, 01-449926:
Աստուած ձեր ուխտը ի կատար ածէ:
Ս. Յակոբը բարեխօս ըլլայ ձեզի:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Կազմակերպութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին
եւ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Նիւթ` «ԻՆՉՊԷ՞Ս ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ»
Կը ներկայացնէ` ՅԱՍՄԻԿ ԴԱՆԻԷԼ (Life Coach)
Դասախօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2022-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հետեւեալ գործաւորներուն
- Բեռնակառքի (Van) վարորդներու,
- Գործարանի մէջ աշխատող գործաւորներու,
- Ինքնաշարժներու մեքանիք եւ ելեկտրականութիւն նորոգող գործաւորներու,
- Էլեքթրօ-մեքանիք կազմածներ նորոգողներու:
Լաւ վարձատրութիւն` ըստ աշխատանքի:
Դիմել` հեռ. 03-244967:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վարպետ ոսկերիչ (սետեքեր) մը:
Դիմել` հեռ. 01-266514, 03-207772: