Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ ( 5 Յունուար 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Լիբանանահայ ատամնաբուժներու միութիւնը (ADAL) կը գուժէ իր հաւատաւոր անդամներէն

ՏՈՔԹ. ՐԱՖՖԻ ՊԱՐՏԱԳՃԵԱՆԻ

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 3 յունուար 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տոքթ. Լորիտա Պարտագճեան
Տոքթ. Գրիգոր Պարտագճեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Արա եւ Սոլանժ Պարտագճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ռեմոն եւ Մարի-Էլեն Պասիլ եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Վարդենի Պարտագճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Բիւզանդ եւ Սիլվա Տուզճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Արա եւ Ազնիւ Յակոբեան եւ ընտանիք
Պարտագճեան եւ Պասիլ ընտանիքներ
Տուզճեան եւ Քահի ընտանիքներ
Յակոբեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՏՈՔԹ. ՐԱՖՖԻ ՊԱՐՏԱԳՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 3 յունուար 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 7 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 8 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 յունուար 2023-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 յունուար 2023-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

Ս. ԾՆՈՒՆԴ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայրապետական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ ժողովուրդին իր հայրապետական պատգամը ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ժամերգութիւն`

ժամը 8:00-ին

Ս. պատարագ`

ժամը 10:00-ին

Ջրօրհնէք`

ժամը 11:00-ին

Պատգամ`

ժամը 11:15-ին

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. պատարագին, հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:

ԾԱՆՕԹ.

  • Սուրբ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:30 եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-7:00, իսկ յաջորդ օր` շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն յետմիջօրէի ժամը 1:00:
  • Հինգշաբթի, 5 յունուար 2023-ին, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:30-ին: Սկիզբ ժամերգութեան` երեկոյեան ժամը 4:00-ին:
  • Շաբաթ, 7 յունուար 2023-ին, ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՅԻՇԱՏԱԿի Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ՀԱՆ­ԴԻ­ՍԱՒ­ՈՐ ԱՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ԿԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆ­ՄԱՀ ՊԱ­ՏԱ­ՐԱԳ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՄԷՋ

ՈՒՐ­ԲԱԹ, 6 ՅՈՒ­ՆՈՒ­ԱՐ 2023-ԻՆ

Ս. Ծնն­դե­ան տօ­նին առի­թով, Ս. Նշան մայր եկե­ղեց­ւոյ մէջ պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը ուղ­ղէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱ­ՀԷ ԱՐՔ. ՓԱ­ՆՈ­ՍԵ­ԱՆ
Առաջ­նորդ Լի­բա­նա­նի Հա­յոց թե­մին

Սկիզբ ժա­մեր­գու­թե­ան`

Ժա­մը 8:30-ին

Պա­տա­րագ`

ժամը 10:00-ին

Քա­րոզ`

Ժա­մը 10:30-ին

Ջրօրհ­նէք`

Ժա­մը 11:30-ին

Սի­րով կը հրաւ­ի­րենք հաւ­ա­տա­ցե­ալ մեր ժո­ղո­վուր­դը Ս. Նշան մայր եկե­ղեց­ւոյ մէջ ըն­դու­նե­լու Ս. Ծնն­դե­ան աւ­ե­տի­սը եւ մաս­նակ­ցե­լու հո­գե­պա­րար արա­րո­ղու­թե­անց:

ԴԻՒ­ԱՆ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԱՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻ

—————————————

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԷՇՐԵՖԻԷ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 5 յունուար 2023. Ճրագալոյց
մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան

– Կէսօրէ ետք` սկիզբ Ճաշու ժամերգութեան, ապա երեկոյեան ժամերգութիւն, ժամը 3:00-ին:
– Ընթերցուածներու ընթերցում յետ ժամերգութեանց:
– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 4:30-ին:

Ուրբաթ, 6 յունուար 2023. Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի

– Սկիզբ ժամերգութեան

ժամը 8:30-ին:

– Ս. պատարագ`

ժամը 9:30-ին:

– Քարոզ`

ժամը 11:00-ին:

– Ջրօրհնէք`

պատարագի աւարտին:

Ս. պատարագը կը մատուցէ, կը քարոզէ եւ Ջրօրհնէքին կը հանդիսապետէ`

ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 7 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023. ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ

– Ս. պատարագ` ժամը 8:00-ին:

Արդարութեան արեգակը, որ մարմնացաւ Բեթղեհէմի մսուրին մէջ, թող իր երկնային ճառագայթներով պայծառացնէ մեր բոլորին սրտերն ու հոգիները:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի Մեծ Աւետիս:

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. ՏԷՐ ՇՆՈՐՀՔ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու Ս. Ծննդեան պատարագին եւ զօրանալու Քրիստոսի բեթղեհէմեան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ  ՄԷՋ

Ուրբաթ, 6 յունուար 2023¬ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը կատարէ

ԳԵՐՊ. Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30¬ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30¬ին
Քարոզ` ժամը 11:00¬ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30¬ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ վերանորոգուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ուրբաթ, 6 յունուար 2023, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱԶԱՏ ԱԲՂՅ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00¬ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30¬ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30¬ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Սբ. Ծննդեան տօնին առիթով, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը շնորհաւորութիւն պիտի ընդունի ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի ընդունելութեանց դահլիճին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԴԻՒԱՆ

—————————————

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ – ՀԱՅԱՇԷՆ

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցական աւանդութեանց համաձայն, այս տարի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը կը զուգադիպի կիրակի, 15 յունուար 2023-ին:

Այս առիթով պիտի պատրաստուի աւանդական մատաղ:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որ եթէ կը փափաքին ուխտի կամ իրենց ննջեցեալներուն յիշատակին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ հաստատել եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կամ ծխատէր քահանայ հօր հետ հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն` 01-328474, 03-555920, 71-976499:

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ

– Ժամադրութիւններ տուող օրիորդի մը`
– Հիւանդին թղթածրարը ամբողջացնող հիւանդապահուհիի մը:

Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ները կրնան ղրկել հետեւեալ հասցէին`
vacancy.253@outlook.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>