Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ ( 14 Յունուար 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Վարդուհի Պէպէճեան
Տէր եւ տիկին Հրատ եւ Ծովինար Պէպէճեան եւ զաւակունք
Օրդ. Դալար Պէպէճեան
Տէր եւ տիկին Եուսեֆ եւ Արազ Հատտատ եւ զաւակունք
Տիկին Սարա Խաչերեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ֆրանսուազ Որբերեան եւ զաւակունք
Տիկին Արշօ Խաչերեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Օմար Գայայեան (Արժանթին)
Գայայեան եւ Պէպէճեան ընտանիքներ
Հատտատ եւ Խաչերեան ընտանիքներ
Որբերեան եւ Պչաքճեան ընտանիքներ
Սողիկեան եւ Խաչատուրեան ընտանիքներ
Գարակէօզեան եւ Բարսեղեան ընտանիքներ
Ղորղորեան եւ Ճիպէլեան ընտանիքներ
Գասարճեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, աներձագին, քեռիին եւ հարազատին

ՄԻՍԱՔ ՍԱՐԳԻՍ ԳԱՅԱՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1937-ին)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 13 յունուար 2023-ի առաւօտեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 14 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

—————————————

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Կիրակի, 15 յունուար 2023-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի նախագահէ, պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը ուղղէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Դիմաւորում`      ժամը 9:30-ին
Պատարագ`       ժամը 10:00-ին
Քարոզ`               ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք`   ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` լսելու սրբազան հօր պատգամը, մասնակցելով եւ հաղորդուելով սոյն հոգեպարար արարողութեան:

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՏԼԵՆ ՊԷՔԷՐԷՃԵԱՆի (ծնեալ` ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ) մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2023-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

Առողջապահական կեդրոն մը
ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ

– Ժամադրութիւններ տուող օրիորդի մը`
– Հիւանդին թղթածրարը ամբողջացնող հիւանդապահուհիի մը:

Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ները կրնան ղրկել հետեւեալ հասցէին`
vacancy.253@outlook.com

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հաշուապահի մը:
Հեռ. 03 – 164767:

—————————————

ԳՐԱՒ­ՈՒ­ԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԻ ԸՆ­ԿԵ­ՐԱ­ՅԻՆ ԾԱ­ՌԱ­ՅՈՂ­ՆԵ­ՐՈՒ
ՄԻ­ՈՒ­ԹԵ­ԱՆ ՎԱՐ­ՉՈՒ­ԹԻՒՆ

ՁԵՌ­ՆԱՐԿ

ՈՒՐ­ԲԱԹ, 3 ՓԵՏ­ՐՈՒ­ԱՐ 2023

—————————————

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ

ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>