Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Յայտարարութիւններ ( 30 Յունուար 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր անդամին`

ՅՈՎԻԿ ԳՈՒՐՇՈՒՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 29 յունուար 2023-ին։

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Արա Վահրամ Պարսումեան
Տիկին Հրանդուհի Միւյեսերեան
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Լալիկ (Գոնեալեան) Պարսումեան եւ զաւակունք Արա եւ Միլա
Տէր եւ տիկին Գէորգ Միւյեսերեան եւ զաւակունք Կրիկոր եւ Լէյա
Տիկին Սօսի Ժիրայր Պարսումեան
Տիկին Անի Պարսումեան-Աժուզ
Նախկին նախարար տէր եւ տիկին մեթր Շահէ Պարսումեան եւ զաւակները` Փաթրիք, Սետրիկ եւ Սեպուհ
Տէր եւ տիկին Վահրամ Պարսումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Եկաւեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սերժ Եկաւեան եւ զաւակունք
Պարսումեան եւ Գոնեալեան ընտանիքներ
Միւյեսերեան եւ Միսիրեան ընտանիքներ
Եկաւեան եւ Աժուզ ընտանիքներ
Խայեաթ եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Սիմոնեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Մոմճեան եւ Միթիլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց, կնոջ, դստեր, մօր, քրոջ, մեծ մօր, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԷՄՄԱ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԻՒՅԵՍԵՐԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, շաբաթ, 28 յունուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 29 յունուարին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, երկուշաբթի, 30 յունուար 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գէորգ-Էօժեն Ալահայտոյեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պետրոս-Հրայր Ալահայտոյեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Գարապոյաճեան ընտանիք
Սարեան ընտանիք
Պաստաճեան ընտանիք
Մկրեան ընտանիք
Արթինեան ընտանիք
Ոսկերիչեան ընտանիք
Միհրանեան ընտանիք
Թերզեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԶՈՒԱՐԹ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ, 1939-ին)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յունուար 2023-ի առաւօտեան, իր բնակարանին մէջ:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ շաբաթ, 28 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

—————————————

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ՆՈՐ ՍԻՍ)

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցական աւանդութեանց համաձայն, Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը կը զուգադիպի կիրակի, 5 փետրուար 2023-ին:

Այս առիթով պիտի պատրաստուի աւանդական մատաղ:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ հաստատել Թաղական խորհուրդի գրասենեակ մինչեւ շաբաթ, 4 փետրուար 2023, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հեռաձայնելով 01-259861 թիւին:

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

 

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

4 ՄԱՅԻՍ 2023


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>