Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ յունուար 2023-ին ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդուած սակը 19.641 լ. ոսկի է:
Ուստի կը յայտարարենք.
Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2023-ի յունուար ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.
Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 960 հազար լ. ո. (ինը հարիւր վաթսուն հազար լ. ոսկի):
Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 2 միլիոն 880 հազար լ. ո. (երկու միլիոն ութ հարիւր ութսուն հազար լ. ոսկի):
Իւրաքանչիւր հինգ ամփերին համար գանձել 4 միլիոն 800 հազար լ. ո. (չորս միլիոն ութ հարիւր հազար լ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Նկատի ունենալով, որ շարժակներու մասնակցութեան սակը բաւական բարձր է, եւ անոր բարձրացումը կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ելեկտրածին շարժակներուն կողմէ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերու ընդհատումը պիտի ըլլայ 9 ժամով` հետեւեալ ձեւով.
– առաւօտեան ժամը 1:00-էն 6:00
– առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30
– յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն 4:00
Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէրէ կը պահանջուի այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհատման ժամերը լիովին յարգել` քաղաքացիներու շահերուն պահպանման համար: Քաղաքապետութիւնը ներող պիտի չըլլայ եւ համապատասխան օրինական քայլերուն պիտի դիմէ, եթէ ոեւէ սեփականատէր չյարգէ սակերը եւ ճշդուած ժամերէն աւելի երկար ժամեր անջատէ ելեկտրականութիւնը, կամ ոեւէ բնակիչի ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատէ` օգտագործելով առկայ տագնապալի վիճակը:
Գ) Քաղաքացիները բաժնեգիները պիտի վճարեն լիբանանեան թղթոսկիով` Ա. կէտով ճշդուած սակերուն հիման վրայ:
Դ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային, որպէսզի համապատասխան բողոք ներկայացնեն, իսկ քաղաքապետարանը պիտի հետապնդէ այդ բողոքները եւ համապատասխան քայլերուն պիտի դիմէ որոշումները խախտողներուն հաշուոյն:
Ծանօթ.- Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` հաշուիչ մեքենաներ ունեցող բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.
5 ամփեր` 185 հազար լ. ոսկի: 10 ամփեր` 335 հազար լ. ոսկի: 10 ամփերը գերազանցողներուն պարագային, իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար բաժնեգինը 150 հազար լիբ. ոսկի պիտի աւելնայ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ