ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Հելեն Մալիքեան-Պալեան
Տէր եւ տիկին Ալեն եւ Իրմա Պալեան եւ զաւակները` Շարլոթ եւ Հենրի
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Մարկարեթ Պալեան եւ զաւակները` Մարք-Անթոնի, Տիեկօ եւ Լուքա
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Քրիսթին Պալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Սեդա Թաւրիզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճոնի եւ Լիզա Մալիքեան եւ զաւակունք
Սոնիկ Մալիքեան
Պալեան եւ Մալիքեան ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Արշէ ընտանիքներ
Շէյն եւ Թաւրիզեան ընտանիքներ
Մարտիրոսեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
Աթէշեան եւ Սեդրակեան ընտանիքներ
Գալֆայեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԱՐԱ ՅԱԲԷԹ ՊԱԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 30 յունուար 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 4 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ճիւնիի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 5 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ
ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐ ՍԻՍԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 5 փետրուար 2023-ին, Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով, սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
կողմէ մատուցուելիք հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագին ու մատաղօրհնէքի արարողութեան:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:00-ին
Կ՛ուզենք տեղեկացնել մեր սիրելի ժողովուրդին, որ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արագածի ակումբին առջեւէն ժողովրդային դիմաւորում պիտի կատարուի առաջնորդ սրբազան հօր, մինչեւ Ս. Սարգիս եկեղեցի:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԱՐԶԻԿ
42-րդ տարի, թիւ 427
- Խմբագրական- Ի՞նչ կ’ընենք… (Իրապէ՛ս յաղթելու համար)
- Միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը
- Կազմակերպական եւ գաղափարական ուժի մեր աղբիւրներուն պէտք է գուրգուրալ ամէն գնով, կարելի բոլոր միջոցներով- Վաչէ Նաճարեան
- Միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը շեշտեց միութենական բնականոն կեանքի վերադարձի հրամայականը
- Սկաուտական Երկաստղ, Ա. կարգ եւ Բ. կարգ գիրքերու վերամշակուած օրինակները` պատրաստ
- Վկայութիւններ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի փառաւոր անցեալէն (Ա.)- Ճորճիկ Ռաստկելէնեան
- Խաժակ Տիլպէրեանի յիշատակին- ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւն
- Տիպար ՀՄԸՄ-ականի մը անժամանակ կորուստը- Արմէն Քէօշկերեան
- Խմբապետս` Ժիրայր Սարգիսեան- Յարութ Չէքիճեան
- Մեր Ժիրայրն ալ անդարձ գնաց- Սերոբ Սահակեան
- Անշահախնդիր ու վեհանձն ՀՄԸՄ-ականը (Ներսէս Ճուպանեանի յիշատակին)- Րաֆֆի Կէօվօղլանեան
Թիւը կ’ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Արցախ, Հայաստան, Ֆրանսա, Շուէտ, Հոլանտա, Պուլկարիա, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Սուրիա, Յորդանան): 80 էջ: Սակ` 5000 լ.ո.:
Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հաշուապահի մը:
Հեռ. 03 – 164767:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի` Հաշուապահուհիի մը,
Դիմել` հեռ. 03-412442: