Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Յայտարարութիւններ ( 4 Փետրուար 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ ծառայութեան շքանշանակիր

ԱՐԱ ՊԱԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 30 յունուար 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ անդամին եւ ծառայութեան շքանշանակիրին`

ԱՐԱ ՊԱԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 30 յունուար 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ՅԱՐՈՒԹ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 2 փետրուար 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Հելեն Մալիքեան-Պալեան
Տէր եւ տիկին Ալեն եւ Իրմա Պալեան եւ զաւակները` Շարլոթ եւ Հենրի
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Մարկարեթ Պալեան եւ զաւակները` Մարք-Անթոնի, Տիեկօ եւ Լուքա
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Քրիսթին Պալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Սեդա Թաւրիզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճոնի եւ Լիզա Մալիքեան եւ զաւակունք
Սոնիկ Մալիքեան
Պալեան եւ Մալիքեան ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Արշէ ընտանիքներ
Շէյն եւ Թաւրիզեան ընտանիքներ
Մարտիրոսեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
Աթէշեան եւ Սեդրակեան ընտանիքներ
Գալֆայեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`

ԱՐԱ ՅԱԲԷԹ ՊԱԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 30 յունուար 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 4 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ճիւնիի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 5 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ
ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐ ՍԻՍԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 5 փետրուար 2023-ին, Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով, սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
կողմէ մատուցուելիք հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագին ու մատաղօրհնէքի արարողութեան:

Սկիզբ ժամերգութեան`   ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ`              ժամը 9:30-ին
Քարոզ`                          ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք`              ժամը 11:00-ին

Կ՛ուզենք տեղեկացնել մեր սիրելի ժողովուրդին, որ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արագածի ակումբին առջեւէն ժողովրդային դիմաւորում պիտի կատարուի առաջնորդ սրբազան հօր, մինչեւ Ս. Սարգիս եկեղեցի:

Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հաշուապահի մը:
Հեռ. 03 – 164767:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիք ունի` Հաշուապահուհիի մը,
Դիմել` հեռ. 03-412442:

—————————————

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ` ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութենէն (Լոս Անճելըս) ՏԻԿԻՆ ԻՐՄԱ ԱՔԼԵԱՆ կը ստանձնէ օրուան մը ճաշը:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

11 ՄԱՐՏ 2023

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Trending Articles