Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2332

Յայտարարութիւններ ( 18 Փետրուար 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր ֆութպոլի առաջին խումբին վաստակաւոր նախկին մարզիկին`

ՍԱՐԳԻՍ ՍԻՄՈՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Անի Մանուկեան
Տիար Կարէն Մանուկեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Քնար Թիքիճեան եւ զաւակները` Յարութ եւ Օրօր
Տիար Նուպար Մանուկեան եւ զաւակը` Սիմոն
Տիկին Օլկա Չոպանեան եւ զաւակունք
Մանուկեան եւ Խապպազ ընտանիքներ
Նաճարեան եւ Զուէյն ընտանիքներ
Ապի Խալիլ եւ Խաշխաշեան ընտանիքներ
Ժամկոչեան եւ Սարուխան ընտանիքներ
Երէցեան եւ Ռշտունի ընտանիքներ
Հալէպլեան եւ Փաշայեան ընտանիքներ
Չոպանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՍԱՐԳԻՍ ՍԻՄՈՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1933-ին)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 18 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 19 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին:

—————————————

Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան

Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին

ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Բանախօս`
ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 19 փետրուար 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիքը ունի 18-25 տարեկան երիտասարդի:

Աշխատանքի ժամերը` 8:00-4:00:

Դիմել` 03-628076, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2332

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>