ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ազգային վարժարանի առաքելութեան եւ անոր անփոխարինելիութեան ջերմօրէն հաւատացող մեր բարերար ազգայիններէն` պրն. Աքսոր Գասարճեանի յիշատակին, «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտը, 2015-2016 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստ պիտի յատկացնէ Ազգային նախակրթարաններու աշակերտներուն:
Այս բացառիկ առիթէն օգտուիլ փափաքող մեր աշակերտներուն ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ իրենց զաւկին յաճախած Ազգային վարժարանի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2015, ստանալու համար «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի դիմումնագիրը:
Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2015:
Լիայոյս ենք, որ «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի վերահաստատումը ջերմօրէն պիտի դիմաւորուի Ազգային վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ծնողներուն կողմէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2015-2016 տարեշրջանին համար հաստատած է երկրորդականի աշակերտներուն համար ֆոնտ մը:
Ա.- ԱՖՀԻԼ-ի ֆոնտին կրնան դիմել հայկական վարժարան յաճախող երկրորդական բոլոր աշակերտները:
Բ.- Աշակերտները դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն` երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ:
Գ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է 12 հոկտեմբեր 2015-ը:
Դ.- Իւրաքանչիւր ընտանիք միայն մէկ դիմումնագիր կրնայ ներկայացնել:
ԱՖՀԻԼ-Ի
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ
—————————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2015-2016 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները:
Ա.- Ֆոնտին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ԱՖՀԻԼ-ի համալսարանական անդամները իրաւունք ունին օգտուելու ֆոնտէն (իւրաքանչիւր ընտանիքէն մէկ համալսարանական), պայմանաւ որ անդամակցած ըլլան 30 սեպտեմբեր 2014-էն առաջ: Կը խնդրուի ներկայանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ` իրենց համալսարանի արձանագրութեան հաստատագիրով:
Գ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Դ.- Հայ համալսարանականները, որոնք ԱՖՀԻԼ-ի անդամ չեն, 15 սեպտեմբերէն սկսեալ դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի կայքէջէն (website) www.afhil.com:
Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է 30 հոկտեմբեր 2015-ը:
ԱՖՀԻԼ-Ի
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
—————————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2015-2016 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները:
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Գ. Ուսանողները դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն` երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ:
Դ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է մինչեւ 2 նոյեմբեր 2015:
Ե.- Այս տարեշրջանին իւրաքանչիւր ուսանողի համար պիտի յատկացուի 1.200.000 լ. ո.:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՖՈՆՏ»
—————————————————————————-
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԵՏ, ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ` ՀՅԴ «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Արագածի շրջանին մէջ նահատակուած ընկերներու եւ համակիրներու յիշատակին ձեռնարկ
Խօսք կ՛առնէ` ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
- Գեղարուեստական յայտագիր` տեսերիզի ցուցադրութիւն
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Արագած ակումբի թաղ:
Ձեռնարկին կը յաջորդէ`
Հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մատաղօրհնէք
Ներկայութեամբ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ոչխարի նուիրատուութիւններուն համար կը խնդրուի հեռաձայնել 71/151323 եւ 03/270182 թիւերուն:
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ
(Պուրճ Համուտ)
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Յաւարտ Ս. պատարագին, տեղի պիտի ունենայ թափօր Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ԽԱՌՆ ՔԷՕՖԹԷ ԴԴՈՒՄՈՎ, ՄԻՍՈՎ,
ԲՐԻՆՁՈՎ ԵՒ ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐՈՎ
+
ԱՂՑԱՆ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
—————————————————————————-
—————————————————————————-
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԱՐԶԻԿ
34-ՐԴ ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 391-393
«Մարզիկ»-ի այս թիւով տեսնել`
- Խմբագրական- ՀՄԸՄ-ական ըլլալու վայելքը
- Հայակերտման եւ մարդակերտման նոր հասցէ մը` ՀՄԸՄ Միւնիխ- Գառնիկ Մկրտիչեան
- ՀՄԸՄ` հայկական ինքնութեան արժէքներով լիացած մթնոլորտը- Տէնի Ճուպէլեան
- ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը հարստացնող արժէքաւոր հրատարակութիւն մը- Վիգէն Աւագեան
- Մեր ուխտը, մեր առաքելութիւնը- Րաֆֆի Պօշնագեան
- Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ (Անտիպ, ԺԲ. մաս)- Ներսէս Արք. Բախտիկեան
- ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի խումբին անցնող տարեշրջանը- Կորիւն Քէլէշեան
- «Հայաստանի ազգային սկաուտութիւնը ՀՄԸՄ-ի աւանդութիւններուն կրողն է», կ’ըսէ նախագահ Սերժ Սարգսեան
- ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղի հիմնադրութիւն Միւնիխի մէջ
- ՀՄԸՄ-ի եւ հայ մամուլի մեծ կորուստը` Կարպիս Գույումճեան
- Կարպիս Գույումճեանի յիշատակին- Յովսէփ Պարազեան
Թիւը կ’ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա, Աւստրալիա, Կիպրոս, Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան): 80 էջ:
Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
(Հիմնուած` 1923-ին, Մեքսիք փողոց,
Հայկազեան համալսարանին կից,
Հեռ. 01-349816 Պէյրութ)
1.- Նորեկ աշակերտներու դիմումները կը շարունակենք ընդունիլ սեպտեմբերի ընթացքին ամէն օր երկուշաբթիէն ուրբաթ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն 12:30:
2.- 2015-2016 լրացուցիչ արձանագրութիւնները մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժինի համար տեղի կ՛ունենան երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր եւ հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 8:30-էն 12:30:
Ծանօթ: Ատհայի տօնին առաջին օրը դպրոցը փակ պիտի ըլլայ եւ արձանագրութիւններ պիտի չըլլան:
Պաքալորյա (12-րդ) դասարանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները 7-11 սեպտեմբերին են:
Նախնական արձանագրութիւն կատարած նախկին աշակերտներ պարտին վերահաստատել իրենց արձանագրութիւնը:
3.- Հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ օթոպիւսի սպասարկութիւն պիտի ունենանք բոլոր շրջաններուն համար:
4.- Բոլոր արձանագրուողներէն, նախկին թէ նոր, կը պահանջուի միասին բերել երկու փոքր լուսանկար:
5.- Նախնական արձանագրութիւն չըրած նորեկ աշակերտներ պարտին բերել յաճախած վերջին դպրոցի վիճակացոյցը, բարի վարուց վկայագիր, ինքնութեան թուղթի լուսապատճէնը եւ կրթութեան նախարարութեան մօտ իրենց վաւերացուած թիւը:
6.- Վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան նախապէս ճշդուած եւ յայտարարուած կարգով:
7.- Ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր առաւօտեան ժամը 7:40-ին դասաւանդութիւնները կը սկսին:
12-րդ դասարանի դասերը կը սկսին երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Մանկապարտէզը կը սկսի հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ
ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէնութիւնը այսու կու գայ յայտնելու, որ 2015-2016 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները, հին ու նոր աշակերտներուն համար, կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, բացի շաբաթ օրերէն: Դիւրացնելու համար վերամուտի աշխատանքները` ծնողներէն կը խնդրուի արձանագրութիւնները կատարել մինչեւ չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015:
Ծնողներէն կը խնդրենք նկատի ունենալ նաեւ, որ`
1.- Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել իխրաժ քայտ, նախորդ տարուան վիճակացոյցը եւ փոխանցման գիր` վաւերացուած կրթական նախարարութենէն (Իֆատէ):
2.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015, նախակրթարան:
Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015, մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններ:
Ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2015, Բողբոջ դասարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հեռ. 01/261622
ա.- 2015/2016 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 13:00, բացի շաբաթ օրերէն:
բ.- Նորեկ աշակերտներէն կը պահանջուի նոր «իխրաժ քայտ», վերջին տարուան վիճակացոյցը, «իֆատէ»` նախորդ վարժարանէն, վաւերացուած կրթութեան նախարարութենէն:
գ.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ին, նախակրթարան:
Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին, մանկապարտէզ:
դ.- Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել քարտուղարութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը` Հալաթի շրջանին մէջ, կարիքը ունի ներածումի (Import) բաժինին մէջ աշխատող օրիորդի մը, նախընտրաբար` փորձառութիւն ունեցող: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ ե-նամակին (e-mail) hr@georgisabounjian.com.lb
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Նորք Մարաշի շրջան, արդիական «տելիւքս» նորակառոյց շէնք, 150 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, օժտուած` ամէն յարմարութիւններով: Դիմել` հեռ. 04-710964:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Պուրճ Համուտի մէջ, «Պիկ Սէյլ» վաճառատան դիմացի փողոցը, 4 յարկանի եւ 2 խանութներ, 354 քառ. մեթր տարածութեամբ, յարմար` գործատեղիի կամ մթերանոցի: Դիմել` հեռ. 03-655466, պրն. Վազգէնին:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի իր ցուցադրասրահին մէջ կանացի հագուստ վաճառող օրիորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պէյթ Շաարի շրջան, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, 3 բաղնիք, Ա. յարկ, գեղատեսիլ դիրք, կառատուն + վերելակ + մթերանոց: Դիմել` հեռ. 03-515105:
—————————————————————————-