ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը կը զուգադիպի կիրակի, 19 մարտ 2023-ին:
Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի տեղի պիտի ունենայ մատաղօրհնէք:
Տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն ամէն երեկոյ ժամը 6:00-էն սկսեալ:
Սիրով կը հրաւիրենք բարեպաշտ հաւատացեալները` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեանց:
Բոլոր այն հաւատացեալներէն, որոնք կ՛ուզեն իբրեւ ուխտ մատաղցու ԱՐՈՒ ոչխար նուիրել կամ նիւթական նուէրներ ընել, կը խնդրուի ներկայանալ թաղական խորհուրդի քարտուղարութեան գրասենեակը, ամէն օր բացի երկուշաբթի օրերէն, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 1:00:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ ուրբաթ, 10 մարտ 2023-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 6:00-ին
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուի օրուան պատգամով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տպագրական գործատեղի մը կարիք ունի օգնական գործաւորի մը, 20-էն 30 տարեկան: Դիմել` հեռ. 01-510975 կամ 03-804159: