Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ ( 23 Մարտ 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սիւզան Խարտալեան, ամուսինը` Փիօ Հոլմքուիւսթ եւ դուստրը` Լօրի
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Խօշեան եւ զաւակունք` Համբիկ, Վարագ եւ Գեղարդ
Տէր եւ տիկին Հայկազ եւ Զեփիւռ Իզմիրլեան եւ զաւակունք` Սիմոն եւ Յովիկ
Տիկին Սիլվա Խարտալեան, ամուսինը` Սիմոն Գաֆալեան եւ զաւակները` Գրիգոր, Սեպուհ եւ Մհեր
Տէր եւ տիկին Երեմ եւ Սօսի Եափուճեան եւ զաւակունք` Դաւիթ եւ Րաֆֆի
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Նայիրի Ասլանեան եւ զաւակունք
Խարտալեան եւ Ճուլֆայեան ընտանիքներ
Իզմիրլեան եւ Խօշեան ընտանիքներ
Գաֆալեան եւ Եափուճեան ընտանիքներ
Շիրինեան եւ Ալաճաճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 մարտ 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 26 մարտ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 18:00:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մատլեն Մաքասճեան-Պալեան
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Մելինէ Պալեան
Տէր եւ տիկին Ասպետ եւ Միրնա Պաճաքեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Լարա Սաթոյեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Թորոս Պալեանի ընտանիք
Տիար Յակոբ Պալեան
Տիկին Անուշիկ Նազարեան եւ դուստրը
Հանգուցեալ Մանուէլ Մաքասճեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Ռուզանա Մաքասճեան եւ ընտանիք
Տիար Վազգէն Մաքասճեան
Պալեան եւ Մաքասճեան ընտանիքներ
Մինասեան եւ Պաճաքեան ընտանիքներ
Սաթոյեան եւ Նազարեան ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Պետրոսեան ընտանիքներ
Քէօշկերեան եւ Պաաքլինի ընտանիքներ
Գոճաօղլանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 18 մարտ 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 23 մարտ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Պաճաքեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 24 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Վերա Պոյաճեան եւ զաւակը` Կարէն
Տէր եւ տիկին Արթօ եւ Արփի Գասապեան եւ զաւակը` Դանիէլ
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Սիլվա Պօղոսեան եւ զաւակները` Պետիկ, Սերժ եւ Դանիէլ
Տէր եւ տիկին Դանիէլ եւ Էլիզ Պոյաճեան եւ դուստրերը` Ռիթա եւ Մարի
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Անի Գույումճեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սրբուհի Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Էօժեն Պոյաճեան եւ զաւակունք
Պոյաճեան եւ Գասապեան ընտանիքներ
Պօղոսեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Հաւունճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1929-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 19 մարտ 2023-ին, Թորոնթոյի մէջ (Քանատա):

Թաղման արարողութիւնը  պիտի կատարուի ուրբաթ, 24 մարտին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 մարտին, հանգուցեալին աղջկան` տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Սիլվա Պօղոսեաններու բնակարանը, Լիբանան (Պիեքութ), հեռ. 70.093556:

ԾԱՆՕԹ.- Հանգուցեալին յիշատակը յարգողներէն կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին:

—————————————

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին

Կիրակի, 26 մարտ 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Աջով տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօր եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. խորանի բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարենան ստանալ Ս. Լուսաւորիչ հայրապետին Աջին օրհնութիւնը եւ օրհնուած ջուր:

Նշենք, որ շաբաթ, 25 մարտ 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով պիտի կատարուի հսկումի արարողութիւն` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի ուսանողներու:

ԾԱՆՕԹ.- Կիրակի օր ժամը 10:00-ին, փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերէն.

1) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Պուրճ Համուտ
2) ՔԱՀԼ-ի Ազգային Ծերանոց, Պուրճ Համուտ
3) Ս. Ագնէս վարժարան, Պուրճ Համուտ
4) Ս. Գէորգ եկեղեցի, Հաճըն
5) Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հայաշէն
6) Ս. Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 մարտ 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

————————————–

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԿԵԱՆՔ»
(Թատերախաղ)

Հեղինակ` ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Պէյրութ, 2020

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>