ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻՆ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ յառաջիկայ կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ը կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին` Ծաղկազարդի տօնին:
Այս առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, օրուան պատգամը պիտի ուղղէ եւ մանուկներու թափօրին պիտի նախագահէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ին, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴի տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ`
Ձեռամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆԻ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Յընթացս Ս. պատարագին, պիտի կազմուի մանուկներու թափօր, որուն աւարտին մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն, պատանիներուն ու յատկապէս երիտասարդ ընտանիքներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Ապա, աւանդութեան համաձայն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, հայրապետը վեհարանի մուտքին պիտի ընդունի մանուկները եւ իր օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ անոնց:
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ ԴՌՆԲԱՑԷՔի հոգեպարար արարողութիւնը,
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Հանդիսապետութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆԻ
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ի մասնաւորի երիտասարդ ընտանիքներուն, ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ մանուկներու թափօրին, ինչպէս նաեւ յետմիջօրէին կայանալիք դռնբացէքի արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ