Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (22 Ապրիլ 2016)

$
0
0

 ԿՈ՛Չ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով` կոչ կ՛ուղղենք ամբողջ լիբանանահայութեան եւ կը թելադրենք, որ զօրակցելու համար Հայ դատին, Արցախին, հայրենիքին ու հայոց բանակին եւ գործնականօրէն արտայայտելու համար հայութեան միասնակամութիւնը, կիրակի, 24 ապրիլ եւ երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2016-ին, Լիբանանի ամբողջ տարածքին փակ պահուին հայկական բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները եւ մեր ժողովուրդը ամբողջական մասնակցութիւն բերէ այս առիթով տեղի ունենալիք ոգեկոչական ձեռնարկներուն:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

—————————————————————————-

agnouni-goch-bilingue-2-(1)


100+1-1

—————————————————————————-

100+1_goch-miatsyal

—————————————————————————-

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագով պիտի ոգեկոչուի յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ իր պատգամը ուղղէ ժողովուրդին`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Վեհափառ հայրապետին պատգամը` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` ներկայ գտնուելու եկեղեցական արարողութեանց եւ իրենց արժանի յարգանքը ընծայելու մեր բիւրաւոր սրբադասուած նահատակներու անմահ յիշատակին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ


ԿՈՉ

101 տարիներ անցած են 1915-ին Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած Ցեղասպանութենէն:

101 տարիներ անցած են, սակայն Թուրքիա տակաւին կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ կը մերժէ հատուցել հայութեան: Թուրքիա կը շարունակէ պայքարիլ իր իսկ պատմութեան դէմ ու կը փորձէ սրբապղծել 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակն ու թափած արիւնը: Ան քաղաքական եւ քարոզչական ամէն միջոց ի գործ կը դնէ խեղաթիւրելու համար միջազգային հանրային կարծիքը: Թուրքիա Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ կը զօրակցի ծայրայեղական խմբաւորումներու:

Թուրքիոյ հակահայ ընթացքը կը մտահոգէ բոլորս: Այսպէս, 2 տարի առաջ, Թուրքիա Քեսապի հարցին մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունեցաւ: Այսօր Հայաստան – Ազրպէյճան հակամարտութեան մէջ ան ամբողջական զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ նախայարձակ Ազրպէյճանին, անոր կը տրամադրէ քաղաքական, քարոզչական եւ ռազմական օժանդակութիւն եւ կոչ կ՛ուղղէ հայերուն` դուրս գալ Արցախէն, զայն համարելով ազերիական տարածք:

Բնականաբար հայ ժողովուրդը չի կրնար լուռ մնալ այս բոլորին դիմաց եւ կը փորձէ դէմ դնել յառաջացած հակահայ արշաւին:

Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը չեն կրնար ձեռնածալ մնալ: Հարկ է ամբողջական զօրաշարժ եւ ազդու պայքար` քարոզչական, դիւանագիտական, տեղեկատուական եւ ռազմական բոլոր միջոցներով:

Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին ուղղուիլ թրքական դեսպանատուն` մերժելու Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը, պահանջելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայութեան արդար իրաւունքներու հատուցումը:

Կոչ կ՛ուղղենք. ցոյցէն ետք, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ուղղուիլ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճար, ուր տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական-ուսանողական հսկում` յարգելու համար մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր ուխտը:

ՍԴՀԿ ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՌԱԿ Մ. ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ԾԱՆՕԹ.- Յատուկ փոխադրակառքեր տրամադրուած են հետեւեալ կեդրոններէն, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին` ցուցարարները հասցնելու համար թրքական դեսպանատուն:

ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ

1.- Թէքէեան կեդրոն, Ժըմմէյզի
2.- ՀՅԴ Հայաշէնի ժողովրդային տուն
3.- ՍԴՀԿ «Տխրունի» ակումբ, Հաճըն
4.- Թէքէեան վարժարան, Պուրճ Համուտ
5.- «Արին» կեդրոն, Պուրճ Համուտ
6.- Ազգային ծերանոցին դիմաց, ժողովրդային շէնքեր, Պուրճ Համուտ
7.- ԼՕԽ-ի խաղավայրին դիմաց, ժողովրդային շէնքեր, Պուրճ Համուտ
8.- ՀՅԴ «Թեհլիրեան» ակումբ, Ամանոս
9.- ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբ, Ֆանար
10.- ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» ակումբ, Զալքա
11.- «Սիմիթեան» շէնքեր, Անթիլիաս
12.- «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, Մըզհեր

—————————————————————————-

Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ԱՊՐԻԼ 2016

Ի գիտութիւն կու գանք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին յիշեցնելու, որ կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագը պիտի աւարտի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, որպէսզի ժողովուրդը ուղղուի դէպի Անթիլիաս` մասնակցելու համար մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր սուրբ պատարագին եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:

Դիւրացնելու համար թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին դէպի Անթիլիասի երթեւեկը, վերոյիշեալ վայրերուն մէջ տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք դէպի Անթիլիաս պիտի ուղղուին առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

1.- Ս. Յակոբ եկեղեցի
2.- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
3.- Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
4.- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
5.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
6.- Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
7.- Ս. Սարգիս եկեղեցի
8.- Լէյլաւան, Ֆանար
9.- «Էհլան» կեդրոն, Ռաուտա
10.- Ս. Գէորգ եկեղեցի

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————————————————-

Լիբանանահայ
Գրական Շրջանակ

Արարատ
Մարզական Միութիւն

Ապրիլեան Լսարան
(
Իրաւաքաղաքագիտական)

Նիւթ` Որպէսզի 100-րդ Տարեդարձը Չըլլայ`
Նման 100-րդ Տարելիցին

Տարեդարձը` 22 Նոյեմբեր 1920 – 22 Նոյեմբեր 2020

Բանախօս` Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

Տեղի Կ՛ունենայ Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016 Երեկոյեան Ժամը 8:00-Ին, Արարատ Մարզական Միութեան Ակումբին Մէջ, Ռըմէյլ, Լիբանան:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան

Հովանաւորութեամբ`
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն

ԽԱՉՔԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄ

Նուիրուած`
Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող պարտէզին մէջ:


ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆ

ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Մարաշ, Պուրճ Համուտ:

Պատգամաբեր` ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Հաւատացեալ ժողովուրդը կը հրաւիրուի ներկայ ըլլալու սոյն պաշտամունքին` ոգեկոչելու համար մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:

—————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Կատարողութեամբ`

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին
եւ
Արցախի նահատակ հերոսներուն

Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ


 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ

Նուիրուած`
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻԻ

Բանախօս`
ՍԵՐԺ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ

Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ, Զոքաք էլ Պլաթ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

Հայկազեան Համալսարանը
Կը Հրաւիրէ Ձեզ

Իմ Ընտանիքիս Պատմութիւնը
(Լիբանանահայ Աշակերտներու
Հարիւր Շարադրութիւն Մէկտեղող)
Գիրքին Շնորհահանդէսին

Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ, Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:

—————————————————————————-

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
101-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԵՌԵԱԿ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ

Նախագահութեամբ`
ԴՊՐՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԵՐԹԸ
Ն. Ք. ԴԱՐԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆի պատրաստութեամբ
եւ ՎԱԶԳԷՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆի գեղարուեստական դասաւորումով

Ցուցահանդէսը բաց է ամէն օր մինչեւ 29 ապրիլ 2016, երեկոյեան ժամը 5:00-8:00:

Առաւօտները յատկացուած են դպրոցներու այցելութեան (ժամադրութեամբ):

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ Ա. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՆԴԻՍԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

 


 

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի
Նախազգուշական բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Շարքին վերջին դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:

Նիւթ`

«ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԴԵՂՈՐԱՅՔ ՏՈՒՆԻՆ ՄԷՋ»

Դասախօս`

ՏՈՔԹ. ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ

—————————————————————————-

Հայկազեան Համալսարանի
Մանկավարժութեան Բաժանմունքը

Հովանաւորութեամբ`
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան
Հայկական համայնքներու բաժանմունքին

Ձեզ կը հրաւիրէ`

ՅԱԿՈԲ Ա. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ

«Քննադատական Մտածողութիւնը
Լիբանանահայ Վարժարաններուն Մէջ»

ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Հինգշաբթի, 12 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Քանթարի, Պէյրութ:

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ՈՍՊՈՎ ՔԷՕՖԹԷ
+ ԾԱԼԻԿ

Գին՝
15.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214
Հեռ. 70-607548
www.badguer.com

—————————————————————————-

 ՍՏԱՑԱՆՔ

Sdatsank-Haigazian_42116

«ԻՄ ԸՆՏԱՆԻՔԻՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ»

Խմբագիր` ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Haigazian University Press

Պէյրութ 2016

—————————————————————————-

ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ

Ազնուափայլ
Տիկին Ռանտա Շապօ,

Ազնի՛ւ տիկին,

Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, 11 մարտ 2016 թուականին տեղի ունեցած իր նիստին, որուն ներկայ չգտնուեցաք, զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:

Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 յունիս 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ` պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:

Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

—————————————————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Մզհեր, «Կարին B» շէնք, 3-րդ յարկ, 200 քառ. մեթր, լման կահաւորուած, 24 ժամ ելեկտրականութիւն, լողաւազան եւ գեղատեսիլ դիրք, ամսական` 1200$: Հեռ. 03-599511:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Բարձր որակի շինարարութեամբ նորակառոյց յարկաբաժիններ, 80 եւ 250 քառ. մեթր, 110.000 ամ. տոլարէն սկսեալ: Դիմել հեռ. 03-273492, +971-50490066, +374-93600200 կամ e-mail: q-f-sanga@yahoo.com

—————————————————————————-

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հայ ազգային բուժարանի Պուրճ Համուտի գրասենեակը կարիքը ունի փորձառու քարտուղարուհիի մը, հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն գիտնալը` պայման, համակարգիչի իմացութիւնը անհրաժեշտ է: Թեկնածուները պարտին իրենց «Սի. Վի.»-ները ներկայացնել վերոյիշեալ գրասենեակ:

Հեռաձայն` 01-248851, 03-379694

e-mail: armsanat@idm.net.lb
sossibarsoumian@hotmail.com

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ


ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Մզհեր, 860 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-641182:

—————————————————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքայի մայր ճամբուն մօտ, կահաւորուած. 2 ննջասենեակ, յարակից մասեր, 2-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 04-981917 եւ 03-325844:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration/Accounting մասնագիտութիւնը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ուղարկել հետեւեալ ե-նամակին. kanekour@dm.net.lb

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Ռապուէի շրջան, նորակառոյց շէնք, գետնայարկ` պարտէզով, 350 քառ. մեթր, + terrasse 300 քառ. մեթր եւ մառան 60 քառ. մեթր: Հեռ. 03-822020:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ԿԱՄ ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ

Էշրեֆիէ, Սասինի շրջան, Պանք Պիպլոսի շէնք, 80 քառ. մեթր + բաղնիք: Հեռ. 03-822020, 01-241306:

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-ի
Հայ Տարեցներու Տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ

Երեքշաբթի, 3 մայիս 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
BRUNCH

5 ՄԱՅԻՍ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

12 ՄԱՅԻՍ ԵՒ
1 ՅՈՒՆԻՍ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

21 ՄԱՅԻՍ 2016

—————————————————————————-

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

ՇԱԲԱԹ, 28 ՄԱՅԻՍ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

11 ՅՈՒՆԻՍ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ»
ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹ

24-25 ՅՈՒՆԻՍ 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>