Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ ( 3 Յունիս 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ իր հաւատաւոր վարչական անդամին`

ԶԱՒԷՆ ԹՈՐԹԵԱՆի

Անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ , 2 յունիս 2023-ին, ինքնաշարժի արկածի պատճառով:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 2016-ի շրջանաւարտներէն

ԶԱՒԷՆ ԹՈՐԹԵԱՆԻ

Անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ , 2 յունիս 2023-ին, ինքնաշարժի արկածի պատճառով։

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Քարոլին Թորթեան եւ դուստրը` Գարին
Տիկին Սօսի Թորթեան եւ դստերք` Յասմիկ եւ Անի
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Արփի Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վրէժ եւ Թամար Պապիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Սոնիա Մուրատեան եւ զաւակը` Արամ
Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Քրիսթին Չափութեան եւ զաւակը
Թորթեան եւ Մուրատեան ընտանիքներ
Պապիկեան եւ Ղաւազալեան ընտանիքներ
Տալտմեան եւ Չափութեան ընտանիքներ,
Ալամ եւ Խանլեան ընտանիքներ
Տագէսեան եւ Շիթիլեան ընտանիքներ
Շաալէ եւ Ճուլֆայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, թոռնիկին եւ հարազատին`

ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ
ԶԱՒԷՆ ՄՈՎՍԷՍ ԹՈՐԹԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ , 2 յունիս 2023-ին, ինքնաշարժի արկածի պատճառով:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` կիրակի, 4 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 5 յունիսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Սերժ Ազատեան եւ դստերք` Թալիա եւ Լարա
Տիար Հենրի Ազատեան եւ դստերք` Ատրիանա եւ Ալեքսիա
Տիկին Կալիա Ազատեան եւ դուստրը` Ճամիլճա-Ամպեր
Տէր եւ տիկին Յակոբ Ազատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սեդա Տէմիրճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Պերճ Ազատեան եւ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՎԱՐՈՒԺ ՍԱՐԳԻՍ ԱԶԱՏԵԱՆի

Մահը:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 3 յունիս 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 4 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Տըպպայէ:

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՎԱՐԴԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳՈՒՐԱՄԱՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 յունիս 2023-ին, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

—————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Գուրամաճեան, Պարսամեան, Տանայեան, Պարաքաթ, Գոճակէօզեան եւ Աղազարեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Գեր. հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, հոգեւոր հովիւ Արժ. տ. Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանին, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն հօր, մեծ հօր եւ հարազատին` ՎԱՐԴԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳՈՒՐԱՄԱՃԵԱՆի մահուան սուգին:

—————————————

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆԱՑՈՒՄ»

(ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ)

Հեղինակ` Յարութիւն Քիւրքճեան

Հրատարակութիւն` «Բագին» մատենաշար
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան
Պէյրութ, 2022

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Air condition-ի ընկերութիւն մը, արեւմտեան Պէյրութի մէջ, կարիքը ունի Air condition-ներու վարպետ նորոգողներու եւ անցընողներու:

Աշխատանքի ժամեր` առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:

Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-852126 թիւին:

—————————————

ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ

Հայ աւետարանական քոլեճը 2023-2024 տարեշրջանին համար կարիք ունի կրթական համադրողի եւ ընդհանուր տեսուչի, ինչպէս նաեւ այլ դասանիւթերու ուսուցիչներու:

Հետաքրքրուողներ իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել principal@aecbeirut.edu.lb հասցէին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>