ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կերի եւ Իրմա Նիկողոսեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ռիան եւ Շուշիկ Նիկողոսեան-Քլայնսմէթ եւ ընտանիք
Տիկին Անի (Միսակ) Շիթիլեան եւ ընտանիք
Տիկին Անի (Կարօ) Գըվըրեան եւ ընտանիք
Նիկողոսեան եւ Գըվըրեան ընտանիքներ
Մուրատեան եւ Ազատեան ընտանիքներ
Վանլեան եւ Յարութիւնեան ընտանիքներ
Աւետիսեան եւ Իսկէնտէրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականները կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին
ՄԱՐՕ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ-ի
(Ծնեալ Գըվըրեան 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 յունիս 2023-ին, Տուպայի մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 24 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան կեդրոնի սրահին մէջ Տըպպայէ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին:
—————————————
ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Քնարիկ Չիթճեան
Տիար Սուրէն Եագուպեան
Սիրով կը հրաւիրեն ձեզ ներկայ գտնուելու իրենց որդւոյն եւ դստեր`
ՄԱՆՈՒԷԼ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ
Եւ
ԼՈՌԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
Ս. Պսակի խորհուրդին:
Տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 24 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Խաչեղբայր` ՊՐՆ. ՎԻԳԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Հարսնքոյր` ՏԻԿԻՆ ՍԱՐԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ-ՔԱՄԱԼ
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ անձնական հրաւէր:
—————————————
ՏՈՔԹ. ՎԱՐՈՒԺ ՊԷՏԻՐԵԱՆ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Յարգոյ իր յաճախորդներուն կը տեղեկացնէ, թէ երկուշաբթի, 26 յունիս 2023-էն իր դարմանատունը բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Ժամադրութեան համար կարելի է հեռաձայնել 01-262795 կամ 03-307129 թիւերուն:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վարպետ ադամանդաշար մը եւ վարպետ ոսկերիչ (սէտէքեր) մը, նաեւ ոսկի փայլեցնող մը: Դիմել` հեռ. 03-207772 կամ 01-266514 թիւերուն: