ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
—————————————————————————-
ԿՈ՛Չ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով` կոչ կ՛ուղղենք ամբողջ լիբանանահայութեան եւ կը թելադրենք, որ զօրակցելու համար Հայ դատին, Արցախին, հայրենիքին ու հայոց բանակին եւ գործնականօրէն արտայայտելու համար հայութեան միասնակամութիւնը, կիրակի, 24 ապրիլ եւ երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2016-ին, Լիբանանի ամբողջ տարածքին փակ պահուին հայկական բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները եւ մեր ժողովուրդը ամբողջական մասնակցութիւն բերէ այս առիթով տեղի ունենալիք ոգեկոչական ձեռնարկներուն:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Հրաչ Փափազեան
Տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Փաթիլ Խըտրլարեան եւ զաւակը` Արման
Տէր եւ տիկին Բեկոր եւ Մարի Լու Փափազեան եւ զաւակները` Վահագն, Սուրէն, Մարգ, Սանահին եւ Վէմ
Տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Արմինէ Փափազեան եւ զաւակները` Հրատ, Կորիւն, Նուռ եւ Վռամ
Տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Ալին Փափազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մկրտիչ եւ Շաղիկ Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Սիլվա Փափազեան եւ զաւակունք
Անիթա Փափազեան եւ զաւակունք
Սիրարփի Փափազեան-Ֆախրի եւ զաւակունք
Հանց Մելիչէք եւ զաւակը
Պէրպէրեան (Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան) եւ Աստուրեան (Միացեալ Նահանգներ) ընտանիքներ
Թիթիզեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Արտալճեան (Միացեալ Նահանգներ) ընտանիքներ
Բալուլեան ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Ալեքսան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Խըտրլարեան ընտանիքներ
կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐՈՒՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 24 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Արեգ եւ Կարպիս Նազարեան» սրահին մէջ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կից, երկուշաբթի, 25 ապրիլին առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Կատարողութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին
եւ
Արցախի նահատակ հերոսներուն
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
Նուիրուած`
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻԻ
Բանախօս`
ՍԵՐԺ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ, Զոքաք էլ Պլաթ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————-
Հայկազեան Համալսարանը
Կը Հրաւիրէ Ձեզ
Իմ Ընտանիքիս Պատմութիւնը
(Լիբանանահայ Աշակերտներու
Հարիւր Շարադրութիւն Մէկտեղող)
Գիրքին Շնորհահանդէսին
Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ, Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:
ԷՀԼԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ
«ԵՂԵՌՆ 100+1»
«Թէպէտ Մեռան, Բայց Դեռ Կը Խօսին»
«ԳՈՉԵՄ ԱՊՐՈՂԱՑ»
«ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՆ ՈՒ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ»
Բանախօս` ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՊՍԱԿ ԱԲՂՅ. ԹԵՓԻՐՃԵԱՆ
Տեսերիզներու ցուցադրութիւն.
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Արփիար Արփիարեան «Կարմիր Ժամուց» (հատուած)
Բեմադրութիւն` ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին ԷՀԼԱՆ հանդիսասրահին մէջ, Ռաուտա, Պաուշրիէ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍԵՒԱԿԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Բանախօս`
ՍԵՐԺ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ
Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՐԱՒԷՐ
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի
Նախազգուշական բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Շարքին վերջին դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Նիւթ`
«ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԴԵՂՈՐԱՅՔ ՏՈՒՆԻՆ ՄԷՋ»
Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ
—————————————————————————-
Հայկազեան Համալսարանի
Մանկավարժութեան Բաժանմունքը
Հովանաւորութեամբ`
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան
Հայկական համայնքներու բաժանմունքին
Ձեզ կը հրաւիրէ`
ՅԱԿՈԲ Ա. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
«Քննադատական Մտածողութիւնը
Լիբանանահայ Վարժարաններուն Մէջ»
ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Հինգշաբթի, 12 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Քանթարի, Պէյրութ:
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 25 ԱՊՐԻԼ 2016
ԹԱՐԽԱՆԱՅ ԱՊՈՒՐ
+ ԾԱԼԻԿ
Գին՝
15.000 լիբ. ոսկի
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 26 ԱՊՐԻԼ 2016
ՄԻՍՈՎ ԿՈՒԼՈՒԿՈՒՍ
+ ԵՂԻՆՁ
Գին՝
16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
Հեռ. 70-607548
www.badguer.com
—————————————————————————-
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
ԳՄԳՄ-ի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2016-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր` առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը` հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին ամէնէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 ապրիլ 2016:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Դատակազմին մաս կը կազմեն` Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, տեարք Ժիրայր Դանիէլեան (ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Արա Արծրունի, Յակոբ Պալեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան:
ԴԻՒԱՆ ԳՄԳՄ-Ի ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Հասցէն`
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias-Lebanon
E-Mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ծանօթ: Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը կարիքը ունի լիբանանահպատակ պատասխանատու փորձառու ուսուցչուհիի մը, մասնաւոր կարիքներու բաժինին մէջ աշխատելու համար (Special Education Department):
Դիմողը պէտք է ունենայ «Early Childhood Education»-ի կամ «Special Education»-ի համալսարանական վկայական եւ նուազագոյն երեք տարիներու փորձառութիւն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Մզհեր, «Կարին B» շէնք, 3-րդ յարկ, 200 քառ. մեթր, լման կահաւորուած, 24 ժամ ելեկտրականութիւն, լողաւազան եւ գեղատեսիլ դիրք, ամսական` 1200$: Հեռ. 03-599511:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Բարձր որակի շինարարութեամբ նորակառոյց յարկաբաժիններ, 80 եւ 250 քառ. մեթր, 110.000 ամ. տոլարէն սկսեալ: Դիմել հեռ. 03-273492, +971-50490066, +374-93600200 կամ e-mail: q-f-sanga@yahoo.com
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հայ ազգային բուժարանի Պուրճ Համուտի գրասենեակը կարիքը ունի փորձառու քարտուղարուհիի մը, հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն գիտնալը` պայման, համակարգիչի իմացութիւնը անհրաժեշտ է: Թեկնածուները պարտին իրենց «Սի. Վի.»-ները ներկայացնել վերոյիշեալ գրասենեակ:
Հեռաձայն` 01-248851, 03-379694
e-mail: armsanat@idm.net.lb
sossibarsoumian@hotmail.com
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Մզհեր, 860 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-641182:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքայի մայր ճամբուն մօտ, կահաւորուած. 2 ննջասենեակ, յարակից մասեր, 2-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 04-981917 եւ 03-325844:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration/Accounting մասնագիտութիւնը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ուղարկել հետեւեալ ե-նամակին. kanekour@dm.net.lb
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ռապուէի շրջան, նորակառոյց շէնք, գետնայարկ` պարտէզով, 350 քառ. մեթր, + terrasse 300 քառ. մեթր եւ մառան 60 քառ. մեթր: Հեռ. 03-822020:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ԿԱՄ ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Էշրեֆիէ, Սասինի շրջան, Պանք Պիպլոսի շէնք, 80 քառ. մեթր + բաղնիք: Հեռ. 03-822020, 01-241306:
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-ի
Հայ Տարեցներու Տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ
Երեքշաբթի, 3 մայիս 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
BRUNCH
5 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
12 ՄԱՅԻՍ ԵՒ
1 ՅՈՒՆԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
21 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
ՇԱԲԱԹ, 28 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ
11 ՅՈՒՆԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ»
ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹ
24-25 ՅՈՒՆԻՍ 2016