Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (15 Օգոստոս 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարի Քէլէշեան-Տէր Պօղոսեան եւ զաւակները` Սեւակ եւ Անի
Տիկին Սոնա Տէր Պօղոսեան եւ դուստերը` Աստղիկ եւ Թալին
Տիար Գօգօ Տէր Պօղոսեան
Տէր եւ տիկին Աւօ եւ Վերա Տէր Պօղոսեան եւ դուստրը
Տոքթ. Նորա Քէլէշեան
Տէր Պօղոսեան եւ Քէլէշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ՅՈՎԱԿԻՄ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 14 օգոստոս 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 15 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

———————————–

 

 

 

 

 

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան
Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը

եւ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը
ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը

իր բոլոր յանձնախումբերով, վարչական ու համակիր անդամներով, սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը՝ ՀԲԸՄիութեան երկարամեայ վեթերան ու աւագ վեթերան անդամ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ֊-ի Ասպետներու Խմբակցութեան երկարամեայ վարչական անդամ, տիպար միութենական՝

ԻՎԱՆ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆի

որ պատահեցաւ Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ին, Պէյրութ.

———————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Արաքսի Թիւֆէնքճեան
Իվ Թիւֆէնքճեան
Լարա Թիւֆէնքճեան
Տիկին Նաթալի Թիւֆէնքճեան եւ ամուսինը` տոքթ. Զիատ Մըլհեմ
Տիկին Սինթիա Թիւֆէնքճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Լորանս Թիւֆէնքճեան եւ դուստրը` Նելլի
Տէր եւ տիկին Ժիրայր Թիւֆէնքճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սոնիա Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էտուար եւ Սիլվա Թիւֆէնքճեան-Չոլաքեան եւ ընտանիք
Թիւֆէնքճեան եւ Ուզունեան ընտանիքներ
Տէմիրճեան եւ Թապաքեան ընտանիքներ
Մարաշլեան եւ Զապօնեան ընտանիքներ
Մարքոսեան եւ Չոփուրեան ընտանիքներ
Խաչատուրեան եւ Մըլհեմ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԻՎԱՆ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 13 օգոստոս 2023-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 15 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 16 եւ հինգշաբթի, 17 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 2023-2024 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան 27 եւ 29 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:

Ա. BT դասարան իր բաժանումներով:
Բ. TS դասարան իր բաժանումներով:
Գ. LT դասարան:

Նորեկ աշակերտներ պարտին իրենց հետ ունենալ`

  1. Երկու լուսանկար
  2. Անձնաթուղթի պատճէն
  3. Նախկին դպրոցի հաստատագիր (վաւերացուած` կրթութեան նախարարութեան կողմէ):

* ՎԵՐԱՄՈՒՏ

– 6 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ծանօթացում ուսուցիչներու եւ ծրագիրներու:
– 11 հոկտեմբեր 2023, դասաւանդութեան սկիզբ:

Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտականկեդրոնին հետ:

* Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.

04/410001 կամ 03/627986:

ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅՐԵՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՔԱՌԵԱԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023-ԻՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>