ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ԱՒՕ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 օգոստոս 2023-ին, արկածի հետեւանքով:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ միութեան նախկին անդամներէն
ԱՒՕ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆի
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 օգոստոս, 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նաթալի Զարմէնեան եւ զաւակները` Փաթիլ եւ Վահագն
Տէր եւ տիկին Սեզար եւ Սեդա Զարմէնեան եւ զաւակները Սարին եւ Սեւակ
Տիկին Անահիտ Աճէմեան
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Գարմէն Աճէմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Օհաննէս եւ Սոնա Թոփալեան
Զարմէնեան եւ Գոլանճեան ընտանիքներ
Կրպոյեան եւ Պարսումեան ընտանիքներ
Թաշճեան եւ Թոփճեան ընտանիքներ
Թոփալեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, փեսային, քեռայրին եւ հարազատին`
ԱՒԵՏԻՍ (ԱՒՕ) ԶԱՐՄԷՆԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 օգոստոս 2023-ին, արկածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 21 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ, իսկ երեքշաբթի 22 օգոստոսին, միեւնոյն վայրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զեփիւռ Գայսերլեան
Տիկին Սալբի Գայսերլեան եւ զաւակները` Նժդեհ եւ Նարօտ (Միացեալ Նահանգներ)
Գայսերլեան եւ Ագիլեան (Առաքելեան) ընտանիքներ
Գեթսեմանեան եւ Մոմճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ (ՎԱՀԷ) ԳԱՅՍԵՐԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1947-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 օգոստոս 2023-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութինը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 21 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը սգայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի հիմնադիրներէն
ԳՈՒՐԳԷՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2023-ին, Միացեալ Նահանգներ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ Համազգայինի շքանշանակիր
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 19 օգոստոս 2023-ին, Հայաստանի մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1952-ի շրջանաւարտներէն
ՀՐԱՅՐ ԹՈՒԽԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 15 օգոստոս 2023-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
- Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսման վարձքը` ձրի:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
– 1 լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 2023-2024 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան 27 եւ 29 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:
Ա. BT դասարան իր բաժանումներով:
Բ. TS դասարան իր բաժանումներով:
Գ. LT դասարան:
Նորեկ աշակերտներ պարտին իրենց հետ ունենալ`
- Երկու լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Նախկին դպրոցի հաստատագիր (վաւերացուած` կրթութեան նախարարութեան կողմէ):
* ՎԵՐԱՄՈՒՏ
– 6 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ծանօթացում ուսուցիչներու եւ ծրագիրներու:
– 11 հոկտեմբեր 2023, դասաւանդութեան սկիզբ:
Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտականկեդրոնին հետ: |
* Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
04/410001 կամ 03/627986:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ԹԱԼԻՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
24, 25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023