ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ալիս Ֆըսթըգճեան
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Նիլա Ֆըսթըգճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նինա Ֆըսթըգճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Նենսի Ֆըսթըգճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Թալին Պապիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփինէ Ֆերեշեթեան եւ զաւակունք
Տիկին Անիթա Ֆըսթըգճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան Ֆըսթըգճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուկ Տապանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ռոտրիկ Պեզիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ Կիտանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ժոզեֆ եւ տոքթ. Մարալ Կիտանեան եւ զաւակունք
Ֆըսթըգճեան եւ Ֆերեշեթեան ընտանիքներ
Կիտանեան եւ Էքմեքճի ընտանիքներ
Մըթրպեան եւ Սէմէրճեան ընտանիքներ
Պապիկեան եւ Աքէլեան ընտանիքներ
Հաժար ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱՐԹՈՒՆ ՆԱԶԱՐԷԹ ՖԸՍԹԸԳՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 9 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ, ուրբաթ,8 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 9 ապրիլին, յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 10 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Կազմակերպութեամբ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին
Եւ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ
ՏԵԱՐՔ ԱՇՈՏ ԵՒ ԱՐՄԷՆ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆՆԵՐՈՒ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ, Անթիլիաս:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ-ԽՐԻՄԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ (Թրիփոլի)
ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Հովանաւորութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ներկայութեամբ`
Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի
ՇԷՅԽ ԴՈԿՏ. ՄԱԼԵՔ ՇԱԱՐԻ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, ճաշարան «Շաթեր-Հասան»-ի շքեղ սրահին մէջ:
—————————————————————————-
Հայ Աւետարանական Քոլեճ
Տիկնանց Ընկերային Յանձնախումբ
ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՏԵՍԱՐԺԱՆ ՎԱՅՐԵՐԸ
9 ապրիլ 2016-ին
Այցելութիւն`
Զահլէ` «Սայիտեթ Զահլէ» եկեղեցի, Քսարա, Ռայաք` հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Ճաշարան «Ապու Ռիմոն»` Ռայաք:
Շրջապտոյտի սակ` 20.000 լ. ո.:
Ճաշարանի սակ` 20.000 լ. ո., իսկ փոքրերուն` 10.000 լ. ո.:
Մանրամասնութեան եւ տեղերը ապահովելու համար կրնաք հեռաձայնել Մարալ Մխսեանին` հեռ. 03-968039 կամ Լիլա Արթինեանին` հեռ. 76-982066, առաւելագոյնը մինչեւ չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016:
—————————————————————————-
Հայկազեան Համալսարանը կը հրաւիրէ ձեզ
ԻՄ ԸՆՏԱՆԻՔԻՍ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
(Լիբանանահայ աշակերտներու
հարիւր շարադրութիւն մէկտեղող)
ԳԻՐՔԻ
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ, Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:
—————————————————————————-
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
ԳՄԳՄ-ի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2016-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ, կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր` առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին ամէնէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 ապրիլ 2016:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ դատակազմին մաս կը կազմեն` Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, տեարք Ժիրայր Դանիէլեան (ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Արա Արծրունի եւ Նազարէթ Պէրպէրեան:
ԴԻՒԱՆ ԳՄԳՄ-Ի ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Հասցէն`
Armrnian Catholocosate of Cilicia
P. O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-Mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԾԱՆՕԹ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
—————————————————————————-
ՍՏԱՑԱՆՔ
«Ցեղասպանութենէն վերապրող
ՀԱՃԸՆԻ ՀՊԱՐՏ ԶԱՒԱԿ
Ասատուր Չալեանի Յուշերը
(Անգլերէնով եւ Հայերէնով)
Հրատարակութիւն «ԱՍՊԱՐԷԶ»-ի
Լոս Անճելըս
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ԻՉ + ՏԱՊԿՈՒԱԾ
ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐ
Գին՝ 14.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
Հեռ. 70-607548
www.badguer.com
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հայ քարտուղարուհիի մը:
Թեկնածուները պէտք է`
– Լաւ տիրապետեն հայոց լեզուին
– Գիտնան մեքենագրութիւն` հայերէն եւ օտար լեզուներով
Նախապատուութիւնը պիտի տրուի նորաւարտ համալսարանականներու:
Կը խնդրուի դիմել`
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Նահր պողոտայի սկիզբ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ եւ յարակից մասեր, 2 պատշգամ + վերելակ, կառատունը` ապահովուած: Դիմել` հեռ. 70-975848:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Նախընտրաբար վարսայարդարի (կահաւորուած): Պուրճ Համուտ, Մասթըր Մոլի դիմաց: Հեռ. 03-290402:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Սիսի շրջան, առաջին փողոցին վրայ, կամուրջին ետեւը, 2-րդ յարկ: 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ եւ յարակից մասեր: Հեռ. 70-878531:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ
ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ պողոտայ, 200 քառ. մեթր, Ա. յարկ, 4 սենեակ + 2 հիւրասրահ եւ յարակից մասեր: Դիմել` հեռ. 03-772072, կէսօրէ ետք:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիասի մէջ, 180 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-834899 (յետմիջօրէի ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00):
—————————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առիթով` ընկերուհի Սիլվա Կիւլիւզեան 300$ կը նուիրէ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի «Վ. Տեքիրմենճեան» խոհանոցին` 300$:
—————————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
ԼՕԽ-ի բարերար Անահիտ Պուլղուրճեանի մահուան առիթով հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուեցան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Արփի Փայասլեան 300$
Տէր եւ տիկին Խաժակ եւ Սեդա Խտըշեան 100$
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-ի
Հայ Տարեցներու Տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ
Երեքշաբթի, 3 մայիս 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
BRUNCH
5 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
12 ՄԱՅԻՍ ԵՒ
1 ՅՈՒՆԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
21 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
ՇԱԲԱԹ, 28 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ»
ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹ
24-25 ՅՈՒՆԻՍ 2016