ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
- Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսման վարձքը` ձրի:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
– 1 լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կ՛ուզէ՞ք ձեր զաւակները յաճախեն
քոլեճ մը, որ
1.- Ունի մանկամսուրէն ԺԲ. դասարան (SE, GS, LS)
2.- Ունի STEM ծրագիրը բոլոր դասարաններուն համար:
3.- Օտարահպատակներուն համար ունի «Օտար ծրագիր»:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ դիմագրաւող աշակերտներու համար ունի յատուկ ծրագիր:
5.- Լիբանանեան պետական պաքալորէայի 100 առ հարիւր յաջողութիւն:
6.- Կը ջամբէ բարձրորակ կրթութիւն` նուազագոյն սակերով:
7.- Ապահոված է պասերու յարմար սակացոյց:
8.- Օժտուած է solar system-ով:
9.- Ունի ընդարձակ եւ կանաչապատ դաշտեր:
Ուրեմն, անյապաղ դիմեցէ՛ք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Արձանագրութիւնները` 1 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00:
ԾԱՆՕԹ.- 1.- Բողբոջ դասարանի կրթաթոշակը ձրի է 2023-2024 տարեշրջանին համար:
2.- Մանկամսուր կ՛ընդունուին 6 ամսականէն սկսեալ մանուկներ:
Տըպպայէ, հեռաձայն 01-542037
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, կարիքը ունի`
- Երիտասարդ պաշտօնեայի մը, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման,
- Մաքրութիւն կատարող կնոջ մը:
- Աշխատանքի ժամեր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն 1:00
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել` հեռաձայնելով 76-644110 թիւին: