Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (13 Սեպտեմբեր 2023)

$
0
0

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 108-ԱՄԵԱԿ ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 84-ԱՄԵԱԿ

  • Չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2023
    ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` «ՔՈՐՈՆԱՆ ԵՒ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՄԵՐ ՏԱՆ ՄԷՋ»

Կազմակերպութեամբ` Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտութեան, տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

* Աշակերտական` նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

  • Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2023
    ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Նշան Տէր Գալուստեանի անձնական գործերու ցուցահանդէս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

  • Ուրբաթ, 15 սեպտեմբեր 2023
    ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ

կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:

  • Շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2023
    ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Մուսա լերան յուշարձան-համալիրի կողքին:

  • Կիրակի, 17 սեպտեմբեր 2023
    ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 18 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ, ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՇԽՈՒՄ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ

առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:

ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

—————————————

ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

ԱՆԲԱՍԻՐ ԱՐՏԱՑՈԼՈԻՄՆԵՐ

Գեղանկարիչ` ՄՈՒՇԵՂ (ԳԱՐԱՄՈՒՇ) ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 15 սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ֆորմիքարիա» սրահին մէջ, Համրա, Մախուլ փողոց, «էնց» հաստատութեան դիմաց:

Հեռ. 79-119638

Ցուցահանդէսը  բաց է ամէն օր, կէսօրուան ժամը 12:00¬էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: եւ պիտի տեւէ մինչեւ 29 սեպտեմբեր,

Հրաւէր

—————————————

ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կ՛ուզէ՞ք ձեր զաւակները յաճախեն

քոլեճ մը, որ

1.- Ունի մանկամսուրէն ԺԲ. դասարան (SE, GS, LS)
2.- Ունի STEM ծրագիրը բոլոր դասարաններուն համար:
3.- Օտարահպատակներուն համար ունի «Օտար ծրագիր»:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ դիմագրաւող աշակերտներու համար ունի յատուկ ծրագիր:
5.- Լիբանանեան պետական պաքալորէայի 100 առ հարիւր յաջողութիւն:
6.- Կը ջամբէ բարձրորակ կրթութիւն` նուազագոյն սակերով:
7.- Ապահոված է պասերու յարմար սակացոյց:
8.- Օժտուած է solar system-ով:
9.- Ունի ընդարձակ եւ կանաչապատ դաշտեր:

Ուրեմն, անյապաղ դիմեցէ՛ք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:

Արձանագրութիւնները` 1 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00:

ԾԱՆՕԹ.- 1.- Բողբոջ դասարանի կրթաթոշակը ձրի է 2023-2024 տարեշրջանին համար:
2.- Մանկամսուր կ՛ընդունուին 6 ամսականէն սկսեալ մանուկներ:

Տըպպայէ, հեռաձայն 01-542037

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, կարիքը ունի`

  • Երիտասարդ պաշտօնեայի մը, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման,
  • Մաքրութիւն կատարող կնոջ մը:
  • Աշխատանքի ժամեր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն 1:00

Հետաքրքրուողները կրնան դիմել` հեռաձայնելով 76-644110 թիւին:

—————————————

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

8 ԵՒ 9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2023


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>