Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (16 Սեպտեմբեր 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդը կը գուժէ բազմամեայ կրթական մշակ`

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2023-ին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի անդամներէն`

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտից միութիւնը կը գուժէ Ճեմարանի 1955-ի շրջանաւարտ`

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարիեթ Աղասարգիսեան եւ զաւակները` Սարին եւ Արամ
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Թալին Աղասարգիսեան եւ զաւակները` Ալիք, Լիլա եւ Միքայէլ
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Արեգնազ Աղասարգիսեան եւ զաւակները` Վաչէ եւ Նարէ
Տէր եւ տիկին Վարուժան Աղասարգիսեան եւ զաւակունք
Քէքէճեան եւ Մխիթարեան ընտանիքներ
Թաւլեան եւ Մաճառեան ընտանիքներ
Աղասարգիսեան եւ Սիմոնեան ընտանիքներ
Կարդացողեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԷՔԷՃԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը  պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ կիրակի, 17 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:

—————————————

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 103-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2023-ին:

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն եւ կամ շրջող հանգանակիչներուն:

ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

Կեսարիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութիւն

2023-2024 ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

2023-2024 դպրոցական տարեշրջանի նոր եւ նախկին սաներու համար արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան շաբաթ օրերը, 23 եւ 30 սեպտեմբերին եւ 7 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Կարեւոր:

1.- Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ հայկական դպրոց արձանագրուած ըլլալու փաստաթուղթ մը:
2.- Վերոյիշեալ թուականներէն ետք ներկայացուած դիմումնագիրները պիտի մերժուին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:

  • Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
  • Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
  • Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
  • Ուսման վարձքը` ձրի:
  • Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:

ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.

– 1 լուսանկար
–  Անձնաթուղթի պատճէն
–  Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:

  • Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>