ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կ՛ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակները տեղեակ պահել, որ այսօր` հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին,
նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
եւ մասնակցութեամբ` Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրերուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական մաղթանք:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդին, յատկապէս անդրադառնալով Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անի Պաղտասարեան-Չալեան եւ դստերք (Միացեալ Նահանգներ)
Մարալ Չալեան (Միացեալ Նահանգներ)
Արփի Չալեան եւ Զարեհ Խաչատրեան եւ դստերք` Սիրան եւ Գայեանէ (Միացեալ Նահանգներ)
Հուրի Չալեան եւ Մայք Փանու եւ զաւակները` Զապէլ եւ Հայկ (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Մարօ Չալեան-Ռիտ եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Մարալ Չալեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Չալեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Չամսարեան եւ Խաչատրեան ընտանիքներ
Ռիտ եւ Մանուկեան ընտանիքներ
Տուզճեան եւ Քլիրի ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, տաքրոջ, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԶԱՐԵՀ ԱՍԱՏՈՒՐ ՉԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1932-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2023-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Լոս Անճելըսի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 23 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան մատրան մէջ, ապա թաղումը պիտի կատարուի նոյն գերեզմանատան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութեան համար կապուիլ anniechalian@yahoo.com
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել www.anca.org/zarehchalian
—————————————
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՒՕ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 սեպտեմբեր 2023-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 2023-2024 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան 27 եւ 29 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:
Ա. BT դասարան իր բաժանումներով:
Բ. TS դասարան իր բաժանումներով:
Գ. LT դասարան:
Նորեկ աշակերտներ պարտին իրենց հետ ունենալ`
- Երկու լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Նախկին դպրոցի հաստատագիր (վաւերացուած` կրթութեան նախարարութեան կողմէ):
* ՎԵՐԱՄՈՒՏ
– 6 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ծանօթացում ուսուցիչներու եւ ծրագիրներու:
– 11 հոկտեմբեր 2023, դասաւանդութեան սկիզբ:
Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտականկեդրոնին հետ: |
* Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
04/410001 կամ 03/627986:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ