Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (5 Հոկտեմբեր 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Աբրահամ եւ Նելլի Պօղոսեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Կարինէ Գումրուեան եւ ընտանիք
Օրդ. Ծիլա
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ալեքսանտրա Շամուն եւ ընտանիք
Տիկին Ժանեթ Հիթիթեան եւ ընտանիք
Տիկին Ժիւլիեթ Ֆրեմ եւ ընտանիք
Խորոզեան եւ Պօղոսեան ընտանիքներ
Գումրուեան եւ Շամուն ընտանիքներ
Հիթիթեան եւ Ֆրեմ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`

ՄԻՇԵԼ ՏԻՔ ԽՈՐՈԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 1 հոկտեմբեր 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 6 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

«ԱՖԷՏ»-ի տնօրէնութիւնը կը գուժէ իր ներկայացուցչական ժողովի անդամին

ՄԻՇԵԼ ՏԻՔ ԽՈՐՈԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 1 հոկտեմբեր 2023-ին:

————————————–

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Անմիջական կարիքը կայ արեան հետեւեալ խմբաւորումներէն որեւէ մէկ տեսակին`

B+, B-, AB+ կամ AB-

Կամաւորներէն կը խնդրուի կապ հաստատել հեռաձայնելով 03-989841 թիւին:

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆի մահուան 3-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ

Ազնուափա՛յլ
տիկին Իզապէլ Սուլահեան,

Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս 22 սեպտեմբեր 2023-ին զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:

Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը` անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:

Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաշուապահ մը, Տորայի շրջան: Հեռ. 03-164767:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>