Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ (2 Դեկտեմբեր 2023)

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ԳՐԻԳՈՐ ԽԱՆՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2023-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ միութեան անդամներէն

ՏՈՔԹ. ՓԵՏՐՕ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 30 նոյեմբեր 2023-ին:

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱԼԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան 3-րդ տարելիցին, ԿԱՐՊԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի (մահացած Միացեալ Նահանգներ) մահուան 4-րդ տարելիցին, ՄԱՆՈՒԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան 12-րդ տարելիցին եւ ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի (մահացած Միացեալ Նահանգներ) մահուան եօթնօրեային առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2023-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ

Ազնուափա՛յլ
Տիկին Թալին Կարապետ Մխճեան,

Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս իր ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2023-ի թուականի նիստին զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:

Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կրկին կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի 2-րդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:

Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

—————————————

ԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ

Ընտանիքի հայր մը ինքնաշարժի վարորդութեան գործ կը փնտռէ անձնական` ընտանիքի մը քով կամ հաստատութեան մը մէջ աշխատելու համար:

Դիմել` հեռաձայնի 76-600684 թիւին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>