Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Article 0

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Ռոպեր Գրիգորեան
Տէր եւ տիկին Համբիկ եւ Կասիա Մոմճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Մարիա Տագէսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնա Տագէսեան եւ զաւակունք
Գրիգորեան եւ Ուզունեան ընտանիքներ
Մոմճեան եւ Տագէսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ՇՈՂԻԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ

Մեքենաներու վրայ աշխատողներ (machine operators)` Ինթըրպրենտ-Տըպպայէ ընկերութեան համար:

INTERBRAND S.A.L. (RC, X-TRA, LIBBY’S եւ BONJUS) խմիչքներու եւ հիւթերու շիշեր լեցնող ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ կը փնտռէ իր արտադրութիւնները լեցնող եւ ծրարող մեքենաներու վրայ աշխատողներ` ընկերութեան ընդլայնման եւ արդիականացման գործընթացին հետ քայլ պահելու համար:

Գործի պայմաններ.

1) Դիմողները պէտք է ունենան առնուազն պրէօվէի վկայական` դպրոցէ կամ թեքնիք հիմնարկէ:

2) Փորձառութիւնը անհրաժեշտ չէ այս գործին համար` տրուած ըլլալով, որ ընկերութիւնը կը տրամադրէ յատուկ վարժողական դասընթացքներ:

3) Եթէ դիմողը արդիւնաբերական փորձառութիւն ունի, նոյնիսկ այլ մարզի մէջ, ապա այդ փորձառութիւնը առաւելութիւն կը նկատուի դիմումը ստուգելու ընթացքին:

4) Անհրաժեշտ է պատրաստակամութիւն ցուցաբերել ցերեկային եւ գիշերային ժամեր աշխատելու:

5) Ամսականը կրնայ հասնիլ մինչեւ 500 ամերիկեան տոլարի` հիմնուած փորձառութեան, հմտութիւններուն եւ աշխատանքային ժամերուն վրայ:

Դիմումները կ՛ընդունուին ընկերութեան Տըպպայէի կեդրոնատեղիին մէջ, եւ գործի կրնան դիմել արական եւ իգական սեռի պատկանողները:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>