ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթ, 6 յունուար 2024
Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Սուրբ Նշան մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը փոխանցէ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:30-ին |
Պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ ` | ժամը 10:30-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը սպասենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որպէսզի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար հռչակենք Ս. Ծննդեան աւետիսը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրբ Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին, առաջնորդ սրբազան հայրն ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00: Այնուհետեւ, ժամը 4:00-6:00, շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին Պուրճ Համուտ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Մեքենաներու վրայ աշխատողներ (machine operators)` Ինթըրպրենտ-Տըպպայէ ընկերութեան համար:
INTERBRAND S.A.L. (RC, X-TRA, LIBBY’S եւ BONJUS) խմիչքներու եւ հիւթերու շիշեր լեցնող ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ կը փնտռէ իր արտադրութիւնները լեցնող եւ ծրարող մեքենաներու վրայ աշխատողներ` ընկերութեան ընդլայնման եւ արդիականացման գործընթացին հետ քայլ պահելու համար:
Գործի պայմաններ.
1) Դիմողները պէտք է ունենան առնուազն պրէօվէի վկայական` դպրոցէ կամ թեքնիք հիմնարկէ:
2) Փորձառութիւնը անհրաժեշտ չէ այս գործին համար` տրուած ըլլալով, որ ընկերութիւնը կը տրամադրէ յատուկ վարժողական դասընթացքներ:
3) Եթէ դիմողը արդիւնաբերական փորձառութիւն ունի, նոյնիսկ այլ մարզի մէջ, ապա այդ փորձառութիւնը առաւելութիւն կը նկատուի դիմումը ստուգելու ընթացքին:
4) Անհրաժեշտ է պատրաստակամութիւն ցուցաբերել ցերեկային եւ գիշերային ժամեր աշխատելու:
5) Ամսականը կրնայ հասնիլ մինչեւ 500 ամերիկեան տոլարի` հիմնուած փորձառութեան, հմտութիւններուն եւ աշխատանքային ժամերուն վրայ:
Դիմումները կ՛ընդունուին ընկերութեան Տըպպայէի կեդրոնատեղիին մէջ, եւ գործի կրնան դիմել արական եւ իգական սեռի պատկանողները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————