Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (13 Յունուար 2024)

$
0
0

2024 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ
ՊԻՏԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

2024 տարին նուիրեց

«ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ»:

Յայտնենք, որ ամէն տարեսկիզբին հայրապետական յատուկ հռչակագիրը կ՛ընթերցուի մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Առ այդ, կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսին հռչակագիրը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Պիտի ընթերցէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ լսելու հայրապետին թելադրութիւններն ու ցուցմունքները:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի նախագահէ, պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը ուղղէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Դիմաւորում`      ժամը 9:30-ին
Պատարագ`       ժամը 10:00-ին
Քարոզ`               ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք`   ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` լսելու սրբազան հօր պատգամը, մասնակցելով եւ հաղորդուելով սոյն հոգեպարար արարողութեան:

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները 2023-ի նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին եւ 1-10 յունուար 2024-ին:

– Սարգիսեան ընտանիք 2.000$
– Ազգային մը 100$
– Անի Շամլեան 100$
– Տիկին Իզապէլ Աբրահամեան իր ամուսնոյն մահուան յիշատակին 100$
– Տիկին Արփի Չըրոյեան եւ զաւակունք 1.000$
– Յակոբ Լոշխաճեան 300$
– Ազգային մը 100$
– Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն (ՄԱՀԱԵՄ) 3.000$
– ՄԱՀԱԵՄ նաեւ (փոխան օրուան ճաշի) 350$
– Օմար Մախրում 100$
– Տիկին Քնարիկ Թորիկեան (պատսպարեալներուն եւ անձնակազմի Ս. Ծննդեան խրախճանքին համար) 500$
– Օրտօղլեան ընտանիք Հայկանուշ Կարապետեանի մահուան առիթով 1.500.000 լ. ո.
– Ազգային մը Անուշեղէն (Սֆուֆ)
– Կաթողիկոսարանի դպրեվանք 1 թիթեղ խաղողի ռուպ
– Արամ Սոմունճեան 1 գորգ
– Ազգային մը 2 սրբանկար մատուռին համար
– Քոյր Վերժին Պարոնեանի Իւղաբեր կանայք օրուան ճաշ
– Հայկազեան համալսարանի հոգեւոր կեանքի ծրագիր Օրուան ճաշ
– Երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեան Նոր տարուան առիթով Օրուան ճաշ, նուէրներ եւ կարկանդակ պատսպարեալներուն եւ անձնակազմին
– Այն Տարայի տիկնանց միութիւն Ընթրիք եւ նուէրներ պատսպարեալներուն
– FDC Հաստատութիւն Տուրմ եւ կրկնեփ (362 հատ)
– GHANDOUR Co. Տուրմ եւ կրկնեփ (372 հատ)
– Տիար Ճորճ Քաճաքճեան (Cocos Mart Co.) 100 քափ քէյք
– OXXY եւ PRONTO Co. Բուրդէ քազակներ եւ քրեքերզ
– ABI RAMIA BROS. S.A.R.L Փոփ քոռն
– DIFCO Հաստատութիւն Չիփս
– Երգիչ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան Սրտաբուխ եւ սիրայօժար երգերով ճոխացուց պատսպարեալներուն Ս. Ծնունդի խրախճանքը
– Եղիկ Մղտէսեան (DUO PRINT) Անվճար տպագրութիւն բուժարանի հարիւրամեակի լոկոներուն
– Գրիգոր Գոլանճեան (Sweet Life) Սֆուֆ պատսպարեալներուն Ս. Ծնունդի խրախճանքին առիթով
– Ընկերներ Հրայր, Սեպուհ եւ Արամ 30 քիլօ թարմ միս Այնճարէն
– Ազգային մը Այնճարէն 35 հատ Այնճարի հաց
– Միքայէլ Աշճեան Համայնագիտարան
– Ազգային մը 100 հատ անուշեղէն
– Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Մարալ Տէկիրմէնճեան 40 հատ «Հայր մեր» փորագրուած պաստառներ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>