ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր անդամուհիներէն`
ՄԱՐԻ ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 31 յունուար 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Արշօ Թապագեան եւ զաւակները` Սուրէն եւ Խաժակ
Տէր եւ տիկին Սերոբ եւ Սիլվա Թապագեան եւ զաւակները` Սանան եւ Սէրուժ
Աւետիս եւ Շողիկ Թապագեաններ
Տիկին Տիանա Չէքէմեան եւ ընտանիք (Քանատա)
Տիար Ժան Կիւլմեց (Ֆրանսա)
Թոնի, Մելինէ, Ժանօ եւ Վարդան Մելքոնեաններ (Ֆրանսա)
Չէքէմեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Նէնէճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՉԷՔԷՄԵԱՆ, 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 31 յունուար 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 1 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 2 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Մար Մխայէլի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիւզի Գապաքեան
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Իրմա Տէտէեան եւ զաւակները` Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Թամար Հաշէօլեան եւ զաւակները` Վարդգէս-Վարագ եւ Վահագն
Տիար Վահագն Գապաքեան
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Թամար Գապաքեան եւ զաւակները` Կարէն եւ Ալիք
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Զարդուհի Գապաքեան
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սիլվա Գապաքեան
Գապաքեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Տէտէեան եւ Ուզունեան ընտանիքներ
Գամպուրեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Գասպարեան եւ Մաթոսեան ընտանիքներ
Հաշէօլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ԳԱՊԱՔԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 30 յունուար 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 31 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 1 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:
Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել (ԱՐՈՒ ոչխար) կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:
ԾԱՆՕԹ.- Բարեհաճեցէ՛ք ոչխարները եկեղեցի հասցնել առաւելագոյնը մինչեւ 5 փետրուարի առաւօտեան ժամը 7:00:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Մասնակցութեամբ`
Թեմիս քահանայից դասին
Երեքշաբթի, 6 փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` աղօթակից դառնալու մեր քահանայ հայրերուն:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տղամարդու հագուստի վաճառատուն մը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` 25-էն 40 տարեկան: Դիմել` հեռ. 76-506463:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՏԱՐԱԾՔ
100 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, արժէքին կէս գինը` 49.000$, սակարկելի: Դիմել` հեռ. 70-238154 թիւին, ժամը 11:00-էն 4:00: