ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին իր հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Ս. պատարագը պիտի մատուցէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Ս. պատարագին պիտի մասնակցին «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագիրով համագումարին համար Անթիլիաս ժամանած մասնագէտները, ներառեալ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտոր Լուիս Մորենօ Օքամփոն, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը:
Սիրով կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. պատարագին եւ լսելու այս առիթով վեհափառ հայրապետին սրտառուչ պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԴՐՕ ՄԱՆՏԱԼԵԱՆի մահուան 3-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ