ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Իշխան եւ Կարինէ Անդրանիկեան
Քնարիկ (Քիքի) Անդրանիկեան-Գասիա (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Ալինա Աբրահամեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Ռեն Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Սիւզան Թաշճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Նելլի Աբրահամեան
Ճանսըզեան գերդաստան (Սոչի-Աբխազիա)
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր եւ հարազատին`
ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 6 մայիս 2024-ին, իր բնակարանին մէջ:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 8 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին եղբօր` տէր եւ տիկին Իշխան եւ Կարինէ Անդրանիկեանին բնակարանը, հեռ. 03-792991:
—————————————
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները` 1 մարտէն 30 ապրիլ 2024-ի ընթացքին.
– Պէզիքեան ընտանիք (Անի Պէզիքեանի մահուան առիթով) 3.000$
– Ֆիմի Տէմիրճեան 50$
– Տոքթ. Յովսէփ Տէմիրճեան 100$
– Քրիսթին Տէմիրճեան 50$
– Վեր. Նշան եւ տիկին Մարիա Պագալեան (ողբացեալ Լենա Եարտըմեանի յիշատակին) 100$
– «Լայընզ Քլապ» (փոխան օրուան ճաշի) 240$
– Հայ աւետարանական եկեղեցիներու Տիկնանց միութիւն 250$
– Տիկին Նազելի Մարտիրոսեան-Սլիմ 500$
– Կարօ եւ Ռոզիկ Աղազարեան 100$
– Քոյր Վերժին Պարոնեանի իւղաբեր կանայք (օրուան ճաշի փոխարէն) 340$
– Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան 500$
– Վազգէն Տէր Վարդանեան 1 մորթուած ոչխար
– Ազգային մը 100 պրիոշ
– Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբ 240 հատ կարկանդակ
– Ազգային մը կրկնեփ
– Տիկին Տարիա Խտըշեան` Բուժարանի մատուռին համար Աստուածամօր սրբանկար
– Օրդ. Օսաննա Ղազարեան` Բուժարանի մատուռին համար Յայտնութեան սրբանկար
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
1.- Հայկական դպրոց մը կարիքը ունի մաքրութեան տիկիններու (առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00):
2.- Գրասենեակի արտաքին գործերը կատարող պաշտօնեայի մը (մոթորսիքլեթ վարելու կարողութեամբ եւ «ումումի» արտօնագիր ունենալը առաւելութիւն է):
Հեռ. 04-542037:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը:
Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
REQUIRE
Looking for sales Representative
for machinery & equipment, outdoor sales
Good communication skills
Email CV to v-leb@hotmail.com
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տղամարդու հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը 20-էն 30 տարեկան: Գործի ժամեր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00-ը դիմել` հեռ. 76-506463 թիւին:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տիկին Տիանա Սարաֆեան-Պարսամեան կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի մասնակցութիւնը 200 տոլարով: Մայիս 2024