ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1969-ի շրջանաւարտներէն
ՌՈԶԻՆ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ ԿԷՕՎՃԷԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 8 մայիս 2024-ին, Միացեալ Նահանգներ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Րաֆֆի Ժինեան եւ զաւակունք` Ֆիլիփ, Կասիա եւ Կորիւն
Տիկին Նուարդ Այնթապեան
Տէր եւ տիկին Թովմաս եւ Թերեզա Այնթապեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Արուսեակ Այնթապեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Մարօ Քէրթէշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Արփի Ժինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Մարալ Տալտալեան եւ զաւակունք
Տիկին Վարդուհի Բաբիսեան եւ զաւակունք
Տիկին Եւա Այնթապեան եւ զաւակունք
Այնթապեան եւ Ժինեան ընտանիքներ
Քէրթէշեան եւ Նագուլեան ընտանիքներ
Գպրսլեան եւ Տամոր ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Շխրտըմեան ընտանիքներ
Բէնէնեան եւ Քիւրտեան ընտանիքներ
Սարգիս եւ Տուքէնճեան ընտանիքներ
Թովմասեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
Քէօհիւլեան եւ Շաննագեան ընտանիքներ
Հաճի Մանուկեան եւ Մուշլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, դստեր, քրոջ եւ հարազատին`
ՆՈՒԷՐ ԺԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ 1972-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 9 մայիս 2024-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 12 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 13 եւ երեքշաբթի, 14 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Նորաշէնի «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ:
—————————————
ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 12 մայիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին,
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Տեղի պիտի ունենայ վարդապետական գաւազանի տուչութիւն հետեւեալ միաբան հայրերուն`
Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ աբղյ. Սելլումեան
Հոգշ. Տ. Եսայի աբղյ. Էօրտէքեան
Հոգշ. Տ. Եզրաս աբղյ. Թէնէքէճեան
Հոգշ. Տ. Եղիա աբղյ. Մալխասեան
Գաւազանի տուչութիւնը պիտի կատարէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեալ հոգեպարար արարողութեանց` աղօթակից ըլլալու հայր սուրբերուն, որպէսզի անոնք իրենց կոչումին մէջ ըլլան հաստատ, հաւատքին մէջ` անսասան եւ առաքելութեան մէջ` ծաղկուն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Սիրելի՛ ճեմարանաւարտներ,
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ ընդհանուր ժողովի` երեքշաբթի, 14 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Չալեան» սրահին մէջ:
Ժամը 8:00-ին ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
1.- Հայկական դպրոց մը կարիքը ունի մաքրութեան տիկիններու (առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00):
2.- Գրասենեակի արտաքին գործերը կատարող պաշտօնեայի մը (մոթորսիքլեթ վարելու կարողութեամբ եւ «ումումի» արտօնագիր ունենալը առաւելութիւն է):
Հեռ. 04-542037:
—————————————
REQUIRE
Looking for sales Representative
for machinery & equipment, outdoor sales
Good communication skills
Email CV to v-leb@hotmail.com