Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (6 Սեպտեմբեր 2024)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Բարեշնորհ Վահէ ա. սրկ. Բուչիկեան (Քանատա)
Տիկին Վերժին Բուչիկեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սոնիա Բուչիկեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիար Սերժ Բուչիկեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Մանուշակ Բուչիկեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Շանթ Բուչիկեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Վարուժ եւ Մարալ Գէորգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Ալին Գէորգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Յասմիկ Արթինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Շողիկ Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Թովմաս եւ Թամար Գասապեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիրուն Բուչիկեան-Փալազեան եւ զաւակունք
Բուչիկեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ
Արթինեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Գասապեան եւ Փալազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ եւ հարազատին`

ԱՆԻՍԱ ԲՈՒՉԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՆԻՍԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 1 սեպտեմբեր, Մոնրէալի մէջ, Քանատա:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Լաւալի «Լէ Ժարտեն Ուրժել Պուրժի» գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

—————————————

—————————————

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2024-2025

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 12-րդ կրթական տարեշրջանը:

  • Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
  • Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
  • Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 26 օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
  • Ուսումը անվճար:
  • Վերամուտ` երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.

  • 1 լուսանկար
  • Անձնաթուղթի պատճէն
  • Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:

ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>