ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1955-ի շրջանաւարտներէն
ՏՈՔԹ. ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2024-ին, Քանատա:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Անահիտ Պօշանեան եւ ընտանիք
Օրիորդ Թալին Սայեղ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սինթիա Պասմաճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Շարլ եւ Սօսի Քիուան եւ ընտանիք
Սայեղ եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Պօշանեան եւ Պասմաճեան ընտանիքներ
Քիուան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ եւ հարազատին`
ՀԻԼՏԱ ԿԻՐԱԿՈՍ ՍԱՅԵՂԻ
(Ծնեալ` ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յարութ Էզաճեան
Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Անի Գազանճեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սուզան Օհանեան եւ զաւակը` Սագօ
Տէր եւ տիկին Գօգօ Էզաճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Շանթ Էզաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նարեկ Էզաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Արազ Շահապեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Դաւիթ Գազանճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Բարսեղ եւ Սարին Մարգարեան եւ զաւակունք
Էզաճեան եւ Խաչերեան ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Օհանեան ընտանիքներ
Գալայճեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Մերդիխանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՕԺԵՆԻ ԷԶԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՉԵՐԵԱՆ, 1926-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 8 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամ 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, երկուշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
THE ORIGINS OF THE HNCHAKIAN PARTY IN
GENEVA AND THE LEGACY OF THE TWENTY
GALLOWS
Abel H. Manoukian
Cilicia Publishing House
Aleppo – Geneva 2024
***
GAÏA
Edgar Davidian
Galima editions artliban
2024
—————————————
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 109-ԱՄԵԱԿ ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿ
- Հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024
ՐԱՖՖԻ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: - Ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր 2024
ԼՕԽ-Ի «ԱՂԹԱՄԱՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ: - Շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2024
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Մուսա Լերան յուշարձան-համալիրի կողքին: - Կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2024
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 18 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ, ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՇԽՈՒՄ, հանդիսապետութեամբ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Վեհափառի եւ ընկերակցող պատուիրակութեան ընդունելութիւն` առաւօտեան ժամը 9:30- ին, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մուտքին:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2024-2025
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 12-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
- Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 26 օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսումը անվճար:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
- 1 լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ