Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (24 Հոկտեմբեր 2024)

$
0
0

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՅՆՃԱՐ                                                                                                                                                                                                                       ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2024-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եւ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հոգեսուրճի հիւրասիրութիւն`

Այնճար` «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ,

Պուրճ Համուտ` «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Ալեքսանտրա Անուշիկեան եւ զաւակը` Ֆրանքօ
Տէր եւ տիկին Առնոտ եւ Մարի Անուշիկեան-Պաքար
Անուշիկեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Պաքար եւ Աշճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`

ԱՆՆԻԿ ԱՆՈՒՇԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԷՇԻՇԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 հոկտեմբեր 2024-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 24 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Տըպպայէ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles