ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Միշել Զէյթունլեան
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Ալին Սիմոնեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Օրդ. Արտա Զէյթունլեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Թրէյսի Զէյթունլեան եւ զաւակը (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Սիրայգ Փանոսեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Դաւիթ Գրիգորեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Սիմոնեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԻՍԿՈՒՀԻ ԶԷՅԹՈՒՆԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2024-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 9 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահը:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԻՆԱՍ ՊՈՒՏԱԳԵԱՆի մահուան 20-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 նոյեմբեր 2024-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հոգեսուրճի հիւրասիրութիւն` եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԵՐԺԻՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: