ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ
ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Կիրակի, 24 նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, տեղի պիտի ունենայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութիւն` Հոգշ. Տ. Տաճատ վրդ. Աշըգեանի, Հոգշ. Տ. Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ Հոգշ. Տ. Սմբատ վրդ. Սապունճեանի:
Տուչութիւնը պիտի կատարէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Երեք վարդապետները աւարտած ու վեհափառ հայրապետին ներկայութեան պաշտպանած են իրենց ծայրագոյն վարդապետութեան աւարտաճառերը:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու այս հոգեպարար արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ