Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (10 Դեկտեմբեր 2024)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ալիս Եալմանեան
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Արփի Եալմանեան եւ զաւակը` Աւօ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ազնիւ Եալմանեան եւ զաւակը` Կարէն
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Թամար Եալմանեան եւ զաւակները` Ալին եւ Ցոլակ (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Սարին Եալմանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Լինն Եալմանեան եւ դուստրը (Տուպայ)
Տէր եւ տիկին Ժաք Սիմոն եւ Ռիթա Նենեճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շարպել եւ Ալվարդ Հաժժ (Անգլիա)
Չաքարեան եւ Շխրտըմեան ընտանիքներ
Եալմանեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Հաքիմեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Սիմոնեան եւ Լէյ ընտանիքներ
Նենեճեան եւ Հաժժ ընտանիքներ
Չաքարեան եւ Շխրտըմեան ընտանիքներ
Ճիպեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց դստեր, քրոջ, հօրաքրոջ, զարմիկին եւ հարազատին`

ԼԻԶԱ ԵԱԼՄԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1958-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2024-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2024-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:

————————————–

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ-ԱԶՈՒՆԻԷ ԼԻԲԱՆԱՆ

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները` 1 օգոստոսէն 30 նոյեմբեր 2024-ի ընթացքին.

– Զանազան այցելուներ 4.750.000 լ. ո.
. Յակոբ Չաղլասեանի մահուան քառասունքին առիթով, եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Նաճարեան եւ Հապիպեան ընտանիքներ 200$
– Րաֆֆի եւ Թալին Հապիպեան 200$
– Եսայի Հաւաթեան 100$
– Ռիթա Սիմոնեան 200$
– Յովիկ Մահսէրէճեան 500$
– Ստեփան Տէր Պետրոսեան 500$
– Սեպուհ եւ Սեւան Կուրղիկեան 200$
– Ազգային մը Քանատայէն 200 քանատական տոլար
– Օրտողլեան ընտանիք եւ Ճօ եւ Ճեսիքա Ղազարեան

Ս. Աստուածածինի տօնին առիթով խաղողօրհնէքի խաղողի նուիրատուութիւն

– Մարիա Աճէմեան Օրուան ճաշ` հօրը յիշատակին
– Ազգային մը բուժարանին մէջ մահացած հարազատի քառասունքին առիթով օրուան ճաշ
– Ասատուր Շխրտըմեան հանգուցեալ Մարի Տէտէեանի յիշատակին 50 սնտուկ սալոր
– Ուաժտի Շայա 20 քիլօ հաւ
– Տէր եւ տիկին Մարուն Շեհին եւ Թամար Տէմիրճեան օրուան ճաշ (մածունով քէօֆթէ, անուշ եւ պտուղ)
– Մովսէս Սթամպուլեան 4 տուփ արմաւով կարկանդակ
– Տիկին Սեւան Շավարճեան 1 մորթուած ոչխար
– Լիբանանի Ազատ աւետարանական միութիւն 80 հատ անձեռոց

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>