ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մակի Մղտեսեան-Սողոմոնեան
Տիար Ժոզեֆ Մղտեսեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Մղտեսեան եւ զաւակը` Սարօ
Տիար Րաֆֆի Մղտեսեան
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Մղտեսեան եւ դստերք` Լորի եւ Գարին
Տէր եւ տիկին Յակոբ Մղտեսեան եւ զաւակը` Արմէն
Մղտեսեան եւ Ածիլածեան ընտանիքներ
Ներսէսեան եւ Տէր Կարապետեան ընտանիքներ
Գոճակէօզեան եւ Սվաճեան ընտանիքներ
Նաճարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍԱԹԵՆԻԿ ՄՂՏԵՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ առաջ, Տուպայի մէջ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————–
Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2024
– Ժամանում առաջնորդ սրբազան հօր` ժամը 9:30-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Մատաղօրհնէք` ժամը 11:45-ին
Ս. պատարագը պիտի մատուցէ, քարոզէ եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ եկեղեցւոյս դպրաց դասը, խմբավարութեամբ` Բարշ. Ֆիլիփ սրկ. Ժինեանի:
Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր հայորդիները` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԶԱՐՈՒԿ ՏԱՂԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2024-ին, Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ մասնաճիւղիս անդամական ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
ՀՄԸՄ-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ