ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մակի Մղտեսեան-Սողոմոնեան
Տիար Ժոզեֆ Մղտեսեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Մղտեսեան եւ զաւակը` Սարօ
Տիար Րաֆֆի Մղտեսեան
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Մղտեսեան եւ դստերք` Լորի եւ Գարին
Տէր եւ տիկին Յակոբ Մղտեսեան եւ զաւակը` Արմէն
Մղտեսեան եւ Ածիլածեան ընտանիքներ
Ներսէսեան եւ Տէր Կարապետեան ընտանիքներ
Գոճակէօզեան եւ Սվաճեան ընտանիքներ
Նաճարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍԱԹԵՆԻԿ ՄՂՏԵՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ առաջ, Տուպայի մէջ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: