ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վահէ Մանուկեան եւ զաւակները` Խաչիկ եւ Կարս
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Մանուկեան եւ զաւակները` Լեւոն, Լիպարիտ եւ Յովսէփ
Տէր եւ տիկին Աբգար Մանուկեան եւ զաւակները` Ալեակ եւ Նարօտ (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Սամուէլ Ալպարեան եւ զաւակները` Սարգիս, Հրակ եւ Արմիկ
Տէր եւ տիկին Գէորգ Գազազեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Արի
Տէր եւ տիկին Մանուկ Մանուկեան եւ զաւակները` Սեւակ եւ Խաժակ
Տիար Գասպար Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Շուշանիկ Կիրակոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Լիպարիտ Մանուկեան եւ զաւակը
Տիար Պետրոս Աբրահամեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Չարլի Կարապետեան (Միացեալ Նահանգներ)
Վարդանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՅԱԿՈԲԵԱՆ, 1935-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբին սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
- ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ֆանարի մատրան:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Մայք եւ Քրիսթիան Մուրատիքեան եւ զաւակները` Էլիանա, Սարա, Աննա-Մարիա
Օրդ. Սօսի Մուրատիքեան
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Նուարդ Տեքերմենճեան եւ զաւակները` Ժան-Ֆիլիփ եւ Մարի Ժան (Ֆրանսա)
Օրդ. Արաքսի Մուրատիքեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարի Ժան Գազազեան եւ զաւակները` Կարպիս եւ Գասպար (Մ. Ն.)
Մուրատիքեան եւ Մաթիքեան ընտանիքներ
Գազազեան եւ Տեքերմենճեան ընտանիքներ
Սըմաան եւ Պետրոսեան ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Մեխսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱՆՆԱ ՄՈՒՐԱՏԻՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱԹԻՔԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, երեքշաբթի, 15, չորեքշաբթի, 16 եւ հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Զաւէն Տիգրանեան եւ զաւակունք
Օրդ. Զարմինէ եւ օրդ. Վիքի Տիգրանեան
Տիկին Շաքէ Հեքիմեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Չուլճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սոնա Տիքփարմաքեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարի Տիգրանեան եւ զաւակունք
Տիգրանեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Հեքիմեան եւ Ճանճանեան ընտանիքներ
Սեֆերեան եւ Երամեան ընտանիքներ
Ռուսիալեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐՓԻՆԷ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի 14 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2015-ին, Պուրճ Համուտի «Մասիս» ակումբին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԻՑՔ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
—————————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ազգային վարժարանի առաքելութեան եւ անոր անփոխարինելիութեան ջերմօրէն հաւատացող մեր բարերար ազգայիններէն` պրն. Աքսոր Գասարճեանի յիշատակին, «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտը, 2015-2016 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստ պիտի յատկացնէ Ազգային նախակրթարաններու աշակերտներուն:
Այս բացառիկ առիթէն օգտուիլ փափաքող մեր աշակերտներուն ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ իրենց զաւկին յաճախած Ազգային վարժարանի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2015, ստանալու համար «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի դիմումնագիրը:
Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2015:
Լիայոյս ենք, որ «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի վերահաստատումը ջերմօրէն պիտի դիմաւորուի Ազգային վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ծնողներուն կողմէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————————————————-
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՖԱՆԱՐ-Հեռ. 01-891099/68
ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
2015-2016
Արձանագրութիւնները կը վերսկսին երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2015, առաւօտեան ժամը 8:30-12:30, բացի շաբաթ օրերէն:
Ծաղկոցի արձանագրութիւնները եւս տեղի կ՛ունենան վարժարանիս քարտուղարութեան մօտ, նոյն ժամանակացոյցով. իսկ Ծաղկոցը իր դռները կը բանայ 30 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, վարժարանիս մօտակայ Kideology-ին մէջ:
Գրենական պիտոյքներու եւ համազգեստի վաճառքը` երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30, բացի շաբաթ օրերէն:
Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւնները եւ վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
Երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2015 – Թ., Ժ., ԺԱ., ԺԲ. դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2015 – Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2015 – Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն, Ծաղիկ դասարաններու` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:30-2:30:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հեռ. 01/261622
ա.- 2015/2016 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 13:00, բացի շաբաթ օրերէն:
բ.- Նորեկ աշակերտներէն կը պահանջուի նոր «իխրաժ քայտ», վերջին տարուան վիճակացոյցը, «իֆատէ»` նախորդ վարժարանէն, վաւերացուած կրթութեան նախարարութենէն:
գ.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ին, նախակրթարան:
Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին, մանկապարտէզ:
դ.- Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել քարտուղարութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
(Հիմնուած` 1923-ին, Մեքսիք փողոց,
Հայկազեան համալսարանին կից,
Հեռ. 01-349816 Պէյրութ)
1.- Նորեկ աշակերտներու դիմումները կը շարունակենք ընդունիլ սեպտեմբերի ընթացքին ամէն օր երկուշաբթիէն ուրբաթ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն 12:30:
2.- 2015-2016 լրացուցիչ արձանագրութիւնները մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժինի համար տեղի կ՛ունենան երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր եւ հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 8:30-էն 12:30:
Ծանօթ: Ատհայի տօնին առաջին օրը դպրոցը փակ պիտի ըլլայ եւ արձանագրութիւններ պիտի չըլլան:
Պաքալորյա (12-րդ) դասարանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները 7-11 սեպտեմբերին են:
Նախնական արձանագրութիւն կատարած նախկին աշակերտներ պարտին վերահաստատել իրենց արձանագրութիւնը:
3.- Հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ օթոպիւսի սպասարկութիւն պիտի ունենանք բոլոր շրջաններուն համար:
4.- Բոլոր արձանագրուողներէն, նախկին թէ նոր, կը պահանջուի միասին բերել երկու փոքր լուսանկար:
5.- Նախնական արձանագրութիւն չըրած նորեկ աշակերտներ պարտին բերել յաճախած վերջին դպրոցի վիճակացոյցը, բարի վարուց վկայագիր, ինքնութեան թուղթի լուսապատճէնը եւ կրթութեան նախարարութեան մօտ իրենց վաւերացուած թիւը:
6.- Վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան նախապէս ճշդուած եւ յայտարարուած կարգով:
7.- Ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր առաւօտեան ժամը 7:40-ին դասաւանդութիւնները կը սկսին:
12-րդ դասարանի դասերը կը սկսին երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Մանկապարտէզը կը սկսի հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
Ազգ. Ռուբինեան – Ս. Մեսրոպեան Վարժարան
2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջան
Ռըմէյլ – Խալիլ Պատաուի
Հեռ. 01/443892
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
1.- Արձանագրութիւն
2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի արձանագրութիւններուն համար դպրոցը բաց կը մնայ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին` առաւօտեան ժամը 9:30-էն 1:00:
Նորեկ աշակերտները պէտք է քարտուղարութեան ներկայացնեն հետեւեալները:
1.- Նախկին տարեշրջանի վիճակացոյցը:
2.- Բարի վարուց վկայագիր:
3.- 4 լուսանկար:
4.- Անձնաթուղթի պատճէն:
5.- Պետական թիւ, վաւերացուած (կրթական նախարարութենէն):
2.- Վերամուտ: Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ թէ`
1.- Վարժարանս կարիքը ունի արաբերէն լեզու դասաւանդող ուսուցչուհիի մը:
2.- Վարժարանս ունի նաեւ nursery-ի (մանկամսուր) բաժին, ուր կ՛ընդունինք 0-3 տարեկան երեխաները, առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5, սերտուած սակացոյցով:
3.- Օթոքարներ կը գործեն բոլոր շրջաններուն համար:
ԱԶԳ. ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ-ՍԱՀԱԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Նորք Մարաշի շրջան, արդիական «տելիւքս» նորակառոյց շէնք, 150 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, օժտուած` ամէն յարմարութիւններով: Դիմել` հեռ. 04-710964:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` Զալքայի մայր ճամբուն վրայ, 120 քառ. մեթր, կահաւորուած, վերելակ` 24 ժամ, կառատուն եւ ջրհոր:
Հեռաձայնել յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք` 03-593116 թիւին:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, կահաւորուած: Դիմել` հեռ. 76-181656:
—————————————————————————-