ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Մարիա Թոսունեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Քրիսթին Թոսունեան եւ զաւակունք (Տուպայ)
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Սեդա Քիւրեճեան
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Սարին Համբարձումեան եւ դուստրը
Համբարձումեան ընտանիք
Տիկին Նուարդ Ամատունի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Լուսին Թոսունեան եւ զաւակունք (Յորդանան)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անի Եփրեմեան եւ զաւակունք
Համբարձումեան եւ Թոսունեան ընտանիքներ Քիւրեճեան եւ Ամատունի ընտանիքներ
Թոքաթլեան եւ Սեֆիլեան ընտանիքներ
Օսկանեան եւ Օննիկեան ընտանիքներ
Մալեան եւ Եփրեմեան ընտանիքներ
Սարաֆեան եւ Չոլաքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱԼԻՍ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ, 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 յունիս 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ռմէյլի Ս.Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայոց գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հինգշաբթի, 23 յունիսին, յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ ուրբաթ, 24 յունիսին եւ շաբաթ, 25 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Արա եւ Սեդա Պետրոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Լենա Մինասեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Էլիզապեթ Սիւմպիւլեան (Թորոնթօ)
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Մարալ Կէիքեան եւ զաւակունք (Պոսթըն)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ալիս Ստեփանեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Սօսի Ստեփանեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ռոզիկ Մինասեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արեն եւ Արազ Արքարաքաս եւ զաւակը (Թորոնթօ)
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ԽԱՉԻԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1954-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 19 յունիս 2016-ին, Լաս Վեկաս նահանգին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 21 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Լաս Վեկասի «Փալմ» գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————————————————
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ
21-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 26 յունիս 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, «Հայրապետական մաղթանք» պիտի կատարուի Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
Ընտրութեան եւ օծման 21-րդ տարեդարձին առիթով
Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————————————————
Կազմակերպութեամբ`
ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆի
նոր լոյս տեսած գիրքին
«ՍՈՖԻԱ»
Գիրքը կը ներկայացնէ`
ԴՈԿՏ. ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ`
ԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆի
ՆԺԴԵՀ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆի
ՇԱՆԹ ՆՈԽՈՒՏԵԱՆի
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պատկեր» մշակութային կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————-
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, քանի մը ամիսէ ի վեր ստեղծուած է կրթական յատուկ ֆոնտ մը, որ կը նպատակադրէ հիմնադրամին միջոցներով հոգալ տարեկան 20 աշակերտի Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման ծախսերը: Այս նպատակին համար, Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ կը զբաղի թեկնածուներու պարագաներու քննութեամբ եւ զտումով:
Յանձնախումբին հրաւէրով, ապրիլ 2016-ին, Լիբանան այցելեց եւ Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման կարելիութիւններուն մասին կրթական պատասխանատուներու եւ երկրորդականի աշակերտներու հետ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին վարչութեան պետ Նունէ Վարդանեան:
Այնուհետեւ, յանձնախումբը մշակեց իր կանոնագրութիւնը եւ սկսաւ ընդունիլ Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման դիմումներ:
Թեկնածուներ կը նկատուին հայկական վարժարանէ մը շրջանաւարտ, Բ. Պաքալորէայի կամ համապատասխան վկայականի մը արժանացած եւ Հայաստանի մէջ պետական ճանաչում ունեցող համալսարանի մը կողմէ ընդունուած աշակերտները: Նկատի կ՛առնուին նաեւ համալսարանական իրենց բարձրագոյն ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակել փափաքողներուն դիմումները:
Թեկնածութիւններու ներկայացման վերջին պայմանաժամն է 15 յուլիս 2016-ը: Թեկնածուները պարտին անձամբ ներկայանալ Ազգային առաջնորդարան, երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9-12` ստանալու համար թեկնածութիւններու ներկայացման իրենց դիմումնագիրները:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել կրթական յանձնախումբի ե-նամակի հետեւեալ հասցէին` hayousfund@armprelacylb.org եւ կամ հեռաձայնել Ազգային առաջնորդարան:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՍՄԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
PRINTKOM ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration/Accounting մասնագիտութիւնը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ուղարկել` e-mail: kanekour@dm.net.lb
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, 140 քառ. մեթր, գին` 183.000$: Հեռ. 01-876689:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի կապոյտ մոմի վրայ աշխատող պաշտօնեայի մը:
Հեռ. 01-240810 կամ 71-446107:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Արմենիա պողոտայ, քաղաքապետարանին մօտ, Բ. յարկ, 100 քառ. մեթր: Հեռ. 01-256015:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի երիտասարդ վարորդի մը:
Դիմել` հեռ. 03-164767
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի մէջ, 3 յարկանի, հետաքրքրուողները կրնան դիմել սեփականատիրոջ:
Հեռ. 71-573899:
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
50-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 22 ՅՈՒԼԻՍ 2016
՛