Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (27 Յունիս 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սիրուն Քենտիրճեան
Տէր եւ տիկին Թոնի Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճոնի Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վազգէն Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Պուրսալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Կիւտէշեան եւ զաւակունք
Տիար Սուրէն Քենտիրճեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս Այնթապլեան եւ զաւակունք
Տիկին Վեհանուշ Գէորգեան եւ զաւակունք
Տիկին Ռուպինա Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Ռապայ եւ Պուրսալեան ընտանիքներ
Կիւտէշեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Էքիզեան եւ Քենտիրճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`

ՎԱՀԱՆ ԱՌԱՔԵԼ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1938-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 26 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 27 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Պերճ Նանիքեան
Տիկին Սրբուհի Էմիրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռաֆայէլ Սերոբեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժուլիէթ Նանիքեան եւ զաւակունք
Տիար Կարօ Կարոյեան եւ զաւակունք
Տիար Եղիշէ Կարոյեան
Նանիքեան եւ Էմիրեան ընտանիքներ
Սերոբեան եւ Փանոսեան ընտանիքներ
Սապունճեան եւ Կէօքճեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՆԱՆԻՔԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 25 յունիս 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 27 յունիս 2016-ին, կէսօրուան ժամը 14:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Նաքքաշ:

—————————————————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Դասախօսական երեկոյ

ԴԱՍԱԽՕՍ` ՓՐՈՖ. ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Փոխնախագահ Հայաստանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին

Նիւթ`

«ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑ.
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ»

Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 28 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

HMEM-VAHANՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 28 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Երուանդ Տեմիրճեան» սրահին մէջ:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ`
ԲԱԼՈՒԻ ԵՒ ԽԱՐԲԵՐԴԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Մասնակցութեամբ`
Երգիչ ՆԺԴԵՀ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆի

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 3 յուլիս 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:30-էն սկսեալ, «Տարաժէ» ճաշարանին մէջ, Համլայա:

—————————————————————————-

hmemMARZIG-35-logoՀովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

Կազմակերպութեամբ`
«ՄԱՐԶԻԿ»-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ՀՄԸՄ-Ի «ՄԱՐԶԻԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ
35-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 14 յուլիս 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

logo-lokh1ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը կազդուրման կայանն է, ուր շատ լուրջ յանձնառութեամբ կը ստեղծուի դրութիւն մը, որ կը միտի պատրաստել առողջ մարմին, առողջ հոգի եւ առողջ միտք` 6-12 տարեկան պատանի-պարմանուհիներու համար:

Ամէն տարի ամրան ընթացքին անոնք պատասխանատուի եւ արհեստավարժ ուսուցչուհիներու հսկողութեամբ, լրջօրէն կը հետեւին եւ կը մասնակցին պատրաստուած յատուկ ծրագիրի մը:

Այս տարի եւս, 2016-ի կազդուրման կայանը ընթացք պիտի առնէ 25 յուլիս 2016-ին, Այնճարի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ եւ աւարտի 15 օգոստոս 2016-ին:

Փափաքողներուն համար արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 30 յունիս եւ ուրբաթ, 1 յուլիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Հեղինակ` ՅԱԿՈԲ Ա. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Haigazian University Press
Պէյրութ, 2016

—————————————————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Մսըրեան, Թոքաճեան եւ Չիֆթճեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, միաբան հայրերուն, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով կամ նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին` ԼԻՏԻԱ ՄՍԸՐԵԱՆի մահուան սուգին:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

PRINTKOM ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration/Accounting մասնագիտութիւնը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ուղարկել` e-mail: kanekour@dm.net.lb

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶ­ՈՒԻ

Ոս­կեր­չա­տուն մը կա­րիք ու­նի մո­տե­լիստ գծագ­րի­չի մը, կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն եւ գծագ­րու­թիւն­նե­րու օրի-­նակ­ներ ուղարկել email: ajemianjewellery@gmail.com կամ հեռաձայնել 01-240810 թիւին:

—————————————————————————-

ՎԱՐ­ՁՈՒ ՅԱՐ­ԿԱ­ԲԱ­ԺԻՆ

Պուրճ Հա­մուտ, Ար­մեն­իա պո­ղո­տայ, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մօտ, Բ. յարկ, 100 քառ. մեթր: Հեռ. 01-256015:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ

Այնճարի մէջ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ + պարտէզ` պտղատու ծառերով + մթերանոցի յարմար 2 սենեակ + կառատուն:

Դիմել` հեռ. 03-463257:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Պոլոնիա-Մրուժի մայր ճամբուն մօտ, 1550 քառ. մեթր, Zone 25/60:

Դիմել` 01-883679 կամ 03-134891 թիւերուն:

—————————————————————————-

ԾԱ­ԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այն­ճա­րի մէջ, 3 յար­կա­նի, հե­տաքրք­րուող­նե­րը կրնան  դի­մել սե­փա­կա­նա­տի­րոջ:

Հեռ. 71-573899:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, «ջուրի ընկերութեան» թաղ, 93 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-383592:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ  ԽԱՆՈՒԹ

Պուրճ Համուտ, «Սանթըր Արին», Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 01-268741:

———————————————————————————

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքա, Հարպոյեան շէնքերուն կից, 210 քառ. մեթր, 3-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք + կառատուն:

Դիմել` հեռ. 71-184129:

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
50-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 22 ՅՈՒԼԻՍ 2016

 ՛


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>